Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Սերժ Սարգսեան Եւ Գագիկ Ծառուկեան Հանդիպում Ունեցան

Փետրուար 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21715_aghvanՀայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ  երէկ կէսօրէ ետք կայացած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին հասարակ յայտարարի մը հասած են: Այդ մասին յայտնած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան` նշելով, որ հանդիպումը կայացած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ:

Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մերժած է մանրամասնութիւններ հաղորդել կամ մեկնաբանութիւններ ընել: «Առանց փակագիծերը ամբողջութեամբ բանալու ըսեմ, որ Դաշնակցութիւնը կարելին ըրաւ` ստեղծուած իրավիճակէն ելքեր գտնելու համար: Մենք ըրինք մեզմէ կախեալ եղածը, որպէսզի երկիրը չերթայ բախումներու եւ անկանխատեսելի ցնցումներու ուղիով», ըսած է Վարդանեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան կողմէ եղած ջանքերուն մասին ոչինչ ըսուած է մինչեւ 17 փետրուարի կէսօր, որովհետեւ կարեւորը արդիւնքն է:

Ա. Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն
Արիւնահեղութեան Հոտ Կ՛առնէ»

21715_armenԸստ «a1plus.am»-ի, Դաշնակցութիւնը Սերժ Սարգսեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի հակամարտութենէն արիւնահեղութեան հոտ կ՛առնէ:

«Մենք կրնանք կորսնցնել մեր բոլոր ունեցածը` փորձելով իբր թէ յօնք շինելու փոխարէն աչքն ալ հանել եւ ամբողջ աշխարհին մէջ խայտառակ ըլլանք», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան աւելցուցած է. «Այդ մարդիկը պէտք է հաշտուին, չհաշտուիլը կը նշանակէ պատերազմ»: Երկուքին ետին կանգնած ուժերը իրարու նկատմամբ անյարմար արտայայտութիւններ ունեցան: Այսօր արդէն Դաշնակցութիւնը կ՛աշխատի հաշտեցնել երկուքը: Մենք մեր կապերը կ՛օգտագործենք, հիմա ես չեմ ուզեր  շատ բաներ հրապարակել, Աստուած տայ յաջողինք», յայտնած է Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի, նախ Գագիկ Ծառուկեան ձեռնոց նետած է Սերժ Սարգսեանին, որ համապատասխան արձագանգելու հիմքեր ունի. «5 փետրուարին, երբ որ օրինակի համար կը կարդանք Գագիկ Ծառուկեանի ելոյթը, ես բացարձակապէս չեմ ընդունիր, որ իր այսպէս ըսած կեանքի գնով կամ ժողովուրդը հրապարակներ հանելով, լեցնելով կանխէ ի՞նչը` սահմանադրական բարեփոխումները: Ասիկա  ժողովրդավարական մօտեցում է: Եւ երբ որ այսպէս կը վարուիք, դուք «քարտ պլանշ» կու տաք  իշխանութիւններուն, որ ըսեն` տեսէք անոնց պահանջը ինչ է, ուրեմն ես պէտք է խստացնեմ իմ դիրքորոշումներս, որպէսզի ժողովրդավարական բարեփոխումները իրականացնեմ»:

Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ, որ սահմանադրական բարեփոխումները տեղի ունենան: Այս հակամարտութիւնը արտակարգ  ընտրութիւններով լուծելը, ըստ Ռուստամեանի, հարցի լուծում չէ:

«Այն մեքանիզմները, որոնք կ՛աշխատին ընտրութիւններու ժամանակ, շատ քիչ կապ ունին ժողովուրդին համակրանքի հետ», ըսած է Արմէն Ռուստամեան, որուն պատկերացուցած մեքանիզմը հետեւեալն է` կողմերը կը նստին եւ կը բանակցին սահմանադրական բարեփոխումներու եւ ընտրական համակարգի փոփոխութիւններու շուրջ. «Ներկայացնենք իշխանութեան, պահանջները դնենք յստակ, ժամանակացոյց ճշդենք: Եթէ միասին պահանջենք, իշխանութիւնը չի կրնար  չընդունիլ»:

Ի դէպ, Դաշնակցութիւնը առայժմ չի պատրաստուիր համաձայնական դաշինք գոյացնել Հանրապետականին հետ հայ-թրքական արձանագրութիւններու յետս կոչումէն ետք: Ատիկա  իշխանութեան ներկայացուած 7 պահանջներէն  մէկն էր. «Եթէ այդ 7 կէտերուն կապուած փոփոխութիւն արձանագրուի, այդ ուղղութեամբ իսկական քայլեր կատարուին, այո մենք այդ ուժին հետ կը մտնենք ամենասերտ համագործակցութեան մէջ, ըլլայ ատիկա իշխանութիւն, թէ ընդդիմութիւն: Ես մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղեմ` վերադառնալու այդ դաշտը, Դաշնակցութեան չձգելու իշխանութեան հետ բանակցելու ատեն»:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Համանախագահներու Քրաքովեան Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ոչ Պաշտօնական Հակազդեցութիւնը

RelatedPosts

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յունուար 27, 2023
Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Համազգայինի  Միջեւ Համագործակցութեան  Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիրով.  Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Ճանչնայ  Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները
Գաղութային

Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Համազգայինի Միջեւ Համագործակցութեան Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիրով. Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Ճանչնայ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները

Յունուար 27, 2023
Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով  Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու  Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In