Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահ. «Վրաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Չեն Կրնար Հիմնախնդիրներ Գոյութիւն Ունենալ»

Փետրուար 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21715_vratziՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 փետրուարին ընդունած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ ընդգծած, որ վերջին տարիներու բարձրաստիճան հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն եւ նոր շունչ կու տան երկկողմանի յարաբերութիւններուն` կարելիութիւն տալով փոխադարձ այցելութիւններու ընթացքին  քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու հայ-վրացական բազմազան օրակարգի արդիական հարցերուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը համակարծիք եղած են, որ պատմական ամուր հիմքի վրայ կառուցուած հայ-վրացական եղբայրական եւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները տարուէ տարի կ՛ամրապնդուին միջպետական մակարդակին վրայ` հաստատելով, որ այս իմաստով խորհրդարանականներուն դերը անփոխարինելի է:

Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Ուսուփաշվիլին կարեւոր նկատած են նաեւ երկու պետութիւններուն կողմէ ընթացիկ քաղաքական գործունէութեան մէջ իրարու համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող զգայուն հարցերու ու խնդիրներու նկատմամբ հաւասարակշիռ եւ նրբանկատ վերաբերմունքն ու փոխադարձ շահերու յարգումը:

Դաւիթ Ուսուփաշվիլին գոհունակութեամբ խօսած է երեւանեան այցելութեան ծիրին մէջ իր ունեցած քննարկումներուն արդիւնքներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր գլխաւորած պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ հիւրընկալութեան համար: Ան ընդգծած է, որ իր այցելութեան նպատակն է անգամ մը եւս շեշտել եւ յստակ ուղերձ յղել Հայաստանի հասարակութեան, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի ընտրած համարկման տարբեր ուղիներէն անկախ, երկու բարեկամ երկիրներն ու ժողովուրդները մնայուն կերպով միասին են, կողք-կողքի: «Մենք կ՛ապրինք այնպիսի լարուած շրջանի մէջ եւ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ, որ մեր ժողովուրդներուն համար չափազանց կարեւոր են խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Համոզուած եմ` որքան յաճախակի ըլլան մեր հանդիպումները, եւ յստակ կերպով արտայայտենք մեր դիրքորոշումները, տեղւոյն վրայ արձագանգենք  ծագող խնդիրներուն, այնքան պիտի նպաստենք մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ միջպետական կապերու առաւել ամրապնդման», նշած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը: Անոր համաձայն` իր այս այցելութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց այն համոզմունքը, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ չեն կրնար ըլլալ հիմնախնդիրներ, կան հարցեր, որոնք լուծելի են բանակցութիւններու միջոցով:

«Մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մակարդակը այնպիսին է, որ թոյլ կու տայ անկեղծօրէն եւ անկաշկանդ քննարկելու բոլոր հարցերն ու միացեալ լուծման ուղիներ գտնել` պահպանելով ամուր բարեկամութիւնը: Հայաստանը միշտ կարեւոր նկատած է Վրաստանին դերը ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ», հաստատած է Սերժ Սարգսեան:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են շրջանի խնդիրներուն եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրերուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացը: Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Ուսուփաշվիլին խօսած են նաեւ Վրաստանի տարածքին մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան առնչուած հարցերուն, Վրաստանի նոր արտօնագրային քաղաքականութեան գործադրութեան իբրեւ արդիւնք այդ երկրին մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն համար յառաջացող կարգ մը խնդիրներուն մասին եւս` քննարկելով լուծման կարելիութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Նախագահ Հոլլանտէն Նամակ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Համանախագահներու Քրաքովեան Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?