Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

8 Ներթափանցման Գործողութեան Փորձ` Ղարաբաղեան – Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ. Հայ Զինուոր Մը Զոհ` Արձակազէնի Կրակոցէ

January 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12015_bakuԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ նախորդ գիշեր արձակազէնի կրակոցէ զոհուած է հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ ծառայող 20-ամեայ  Սուրէն Փիլոսեան:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ անցեալ գիշերուան ընթացքին ազրպէյճանական բանակին  կողմէ կատարուած է ութ ներթափանցման գործողութեան փորձ, որոնք ժամանակին կանխուած են, եւ հակառակորդը կորուստներ կրելով նահանջած է:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ լարուածութիւնը նոր մակարդակի հասած է:

«Անոնք կը փորձեն ինչ որ նոր որակ հաղորդել իրենց այդ խախտումներուն: Բնական է, որ մինչ այդ երբեք չէին համարձակեր խոցել մեր ուղղաթիռը: Կը գործածեն այլ զինամթերքի տեսակներ, ըսենք, նռնականետեր եւ այլն, որ նոյնպէս նախապէս չեն գործածուած»,  ըսաւ Բաբայեան:

Պաշտպանութեան բանակի հաղորդումով, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու  շփման գիծի երկայնքով զինադադարի դրութիւնը նախորդ գիշեր խախտուած է 220 անգամ, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է 2000-է աւելի կրակոց: Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ իրենք այս բոլորին մասին միջազգային ատեաններուն, անոնց կարգին` ԵԱՀԿ-ի մինսքի խմբակի համանախագահներուն տեղեակ պահած են:

Ի տարբերութիւն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին` վիճակը համեմատաբար խաղաղ եղած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Անցնող գիշեր եւ ցերեկ խախտումներ չեն արձանագրուած: Մէկ, երկու տասնեակ կրակոցներ եղած են: Լարուածութիւն մը կը տիրէ, բայց իրավիճակը համեմատաբար կայուն է», փոխանցեց Յովհաննիսեան:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Իր Այս Քայլով Միջազգային Հանրութեան Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Վրայ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

Ռուս Սահմանապահներուն Վերաբերող Հրապարակումներուն Կապակցութեամբ Քննութիւն Նշանակուած Է

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.