Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակի Պաշտամունք` Նուիրուած Վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին

January 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

11815_bash-2Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, երէկ` կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ փառաբանութեան պաշտամունք մը` նուիրուած վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի յիշատակին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութի Մեքսիք փողոց:

Յիշատակի պաշտամունքին բացումը կատարուեցաւ նախանուագով մը` Ռիթա Արթինեանի կատարողութեամբ (դաշնակ), որուն ջութակով ընկերակցեցաւ Կալին Հայտոսթեան:

Եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք, որպէսզի յիշենք Յիսուս Քրիստոսի ծառաներէն մէկուն, որ երկար տարիներ  ծառայած է Լիբանանի տարբեր շրջանակներուն մէջ»: Ան հաւատացեալները հրաւիրեց միասնաբար փառաբանելու Տէրը: Անոնք երգեցին փառաբանութեան երկրորդ երգը, որմէ ետք ընթերցեցին առաքելական հանգանակը հռչակելու իրենց հաւատքը:

Վեր. Փիեռ Լաքոսթ աղօթեց փառաբանութեան աղօթքը, ապա վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հակիրճ կերպով ներկայացուց կենսագրական գիծերը վախճանած վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին: «Աւազանի անունով Յովհաննէս Սարգիսեան, ծնած է 22 նոյեմբեր 1929-ին` Մարսէյ, Ֆրանսա, էրզրումցի ծնողներէ, որոնք պսակուած էին Պէյրութի մէջ եւ 1926-ին տեղափոխուած էին Մարսէյ»: Ան աւելցուց,  որ վեր. Ռոպեր Սարգիսեան աստուածաբանական ուսման զուգահեռ հետեւած է Ֆրանսական զօրքի սպայից վարժարանի դասընթացքին:

Յաջորդաբար վկայութիւններ տրուեցան: Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութենէն ժան Սաղըրեան շեշտեց, որ վեր. Ռոպեր Սարգիսեան միշտ ալ ժպիտով ծառայած է Հայկազեան համալսարանին, որպէսզի բարձր պահէ համալսարանին վարկը: Իսկ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան կարդաց վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին վերջին խօսքը, որ լոյս տեսած է «Բարեւ» պարբերաթերթին մէջ: Ան նաեւ ինքզինք բախտաւոր  նկատեց, որ անձնապէս առիթ ունեցած է աշխատելու վեր. Սարգիսեանին հետ: Ապա Անի Պուճիգանեան վկայեց, թէ վեր. Սարգիսեան  նեցուկ եւ առաջնորդ եղած է ընկերային բոլոր ծառայողներուն եւ գործիչներուն: Ան աւելցուց. «Վեր. Ռոպեր Սարգիսեան լոկ խօսք չէր, այլ ամէնօրեայ շօշափելի վկայութիւն»:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կ՛ընդգրկէր վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի պատուէրը` «ընկերային ծառայողներն ու գործիչները պէտք է գիտնան Աստուծոյ փառք տալ»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ցաւակցագիրը փոխանցեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ցաւակցագիրին մէջ կը նշուի. «Վերապատուելին բարի սամարացի մըն էր, որ ինքզինք արժեւորեց, երբ իր ամբողջ կեանքը գունաւորեց սիրով եւ  ծառայութեամբ»: Ան մատնանշեց, որ վերապատուելին ստացած էր Մեսրոպ Մաշտոցի բարձրագոյն շքանշանը` Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ:

Իսկ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան` իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ, ուղղեց իր սրտի խօսքը` նշելով, որ «վերապատուելին «անխոնջ լաւատես» մըն էր, եւ արդէն իսկ իր կատարած գործերը վկայ են այս անուանակոչութեանս»:

Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական, ապա օրհնութեան աղօթքներով, այնուհետեւ փակուեցաւ վերջանուագով:

Յիշատակի պաշտամունքին յաջորդեց ցաւակցութեան ընդունելութիւն` եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ:

 

 

Նախորդը

Հայասիրտ Հրանդ Տինքի «Ծակ» Կօշիկները` Ընդդէմ Թուրք Պետական Իրաւական Նենգութեան (19 Յունուար, 2007)

Յաջորդը

Հայաշէն. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք` Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.