Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1965)

January 17, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական

Թուրքերը Մեր Մէջ

«Լ՛Օրիան»-ի խմբագիր Ռընէ Աժիուրի Անգարայի դիմափոխութեան առթիւ ատենէ մը ի վեր իր խմբագրականները կը յատկացնէ Փոքր Ասիոյ բարձրաւանդակին վրայ արձանագրուող հոլովոյթին: Ասկէ առաջ տուած էինք իր բոլոր խմբագրականները: Կու տանք նաեւ երէկուանը, որ գրեթէ շարունակութիւնն է միւսներուն.-

Լիբանանի նման փոքր երկիրներ չեն կրնար սակարկութիւններու արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել: Դիւանագիտական այդպիսի սակարկութեան մը միջոցներէն զուրկ ենք: Մեր ուժը կրնայ գալ միայն դաւանական որոշ  թիւով սկզբունքներու հանդէպ մեր հաւատարմութենէն, սկզբունքներ, որոնք կը հանդիսանան մեր ազգային միութեան հիմքը եւ մեր արտաքին յարաբերութեանց բարոյագիտութիւնը:

Այս տողերը կը գրենք Պէյրութ այցելութեանը առթիւ թրքական պատուիրակութեան մը, որ արաբական երկիրներու շրջապտոյտը կը կատարէ:

Այսօր, ինչպէս 52-55 տարիներուն, թրքական դիւանագիտութիւնը աշխուժ է: Երէկ այս աշխուժութիւնը կը գործէր Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի, Լոնտոնի եւ Պաղտատի, Պէյրութի, Ամմանի եւ Գահիրէի միջեւ: Մենտերես «կարմիր վտանգը» կը տեսնէր Կովկասի դռներուն առջեւ եւ կը յաւակնէր արաբները համախմբել Արեւմուտքի շուրջ` Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի պաշտպանութեան համար: Այսօր Մոսկուան է եւ` չէզոքապաշտութիւնը. արաբական պետութիւնները անգամ մը եւս կը պեղուին` անցեալէն տարբեր երեւոյթով մը: Ու եթէ թուրքը կը ճամբորդէ մինչեւ Լոնտոն եւ Ուաշինկթըն, ատիկա կ՛ընէ անոնց իմացնելու համար թրքական քաղաքականութեան նոր անկախութիւնը:

Ի՞նչ պատահեցաւ այսօրուան եւ երէկուան միջեւ:

Վէճ մը` Կիպրոսի ճակատագրին շուրջ, յունական փոքր կղզի մը, ուր կ՛ապրի թուրք սակաւաթիւ փոքրամասնութիւն մը:

Անգարայի դիւանագիտութիւնը կ՛ուզէ փոխուիլ այդ կղզիին վրայ փչող հովին ուղղութեամբ: Թուրքիա զինուորական տէրութիւն մըն է, որ կը գրաւէ ռազմադիտական առաջնակարգ դիրք մը: Կրնայ այդ դիրքը արժեցնել եւ, փոխարէնը, ստանալ հողային ու նիւթական առաւելութիւններ: Ասիկա յաջողած էր Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին: Յաջողած էր նաեւ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին ու վաղորդայնին: ՀԱՅԵՐԸ, ՅՈՅՆԵՐԸ, ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԵՒ ԱՐԱԲՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ԵՏԵՒԷ ԿՐԵՑԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ:

Այս տեսակէտէն, թրքական դիւանագիտութեան ճարպիկութիւնը իր համազօրը կը գտնէ միայն շնականութեան մէջ` մեծ տէրութիւններու դիւանագիտութեան, որոնք ըստ պարագայի, կը փնտռեն անոր զինակցութիւնը կամ չէզոքութիւնը:

 ***

Փոքր երկիրները այսքան ճարպիկ ըլլալու միջոցները չունին:

Կիպրոսի կապակցութեամբ, մեր դիրքը կրնայ սահմանուիլ միայն այն վարդապետութեամբ, որ միշտ վարած է մեր քաղաքականութիւնը, երբ կ՛արծարծուին միջհամայնքային կեանքի, հողային ամբողջականութեան եւ ազգային միութեան խնդիրներ:

Այսպիսի խնդիրներ ընթացիկ են արաբական Արեւելքի մէջ: Նախ յատուկ են Լիբանանի, ապա` Պաղեստինի: Սուրիոյ եւ Իրաքի նման երկիրներ եւս ունին նման խնդիրներ:

Որեւէ արարք, որ կը ձգտի ազգային տարանջատումի եւ հողային բաժանման լուծումներու, մեզի համար դատապարտելի է իր սկզբունքին մէջ իսկ: Մարդկայնօրէն անբարոյ է եւ քաղաքականօրէն` վնասակար: Իտէալական պատուանդան մըն է օտար յաւերժական միջամտութեան մը` երկրի մը ներքին գործերուն: Ատիկա «ազգային համայնքներ»-ը կը դարձնէ «պաշտպան տէրութիւններու» յաճախորդներ: Կիպրոսի վերաբերեալ Ցիւրիխի համաձայնութիւնը այս կէտին մէջ վիրաւոր է եւ այդ պատճառով է, որ Կիպրոս դարձաւ արիւնալի բախումի մը թատերավայրը:

Լիբանան ԺԹ. դարու վախճանին ճանչցաւ նման ողբերգութիւն մը: Պաղեստին անոր ենթարկուեցաւ 1948-ին եւ տակաւին դուրս չելաւ: Իրաք մնայուն կերպով այդ սպառնալիքին տակ է: Երկու տարի առաջ Ալճերիա ինկաւ այդ թակարդին մէջ:

Հիմա կարգը եկած է Սուտանի եւ Կիպրոսի:

Վերջին տասնամեակին անկախութեան տիրացած պետութիւններուն մէջ բազմաթիւ են անոնք, որոնց ազգային միութեան ճիգերը կը տապարահարուին համայնքային քաղաքականութեամբ մը, որ կրնայ խախտել իրենց հիմքերը: Այդ երկիրներու կառավարութիւնները միշտ չունին իմաստութիւնը եւ մտային պատրաստութիւնը, որոնց շնորհիւ պիտի կրնային պաշտպանուիլ իրենց ազգային պառակտումով շահագրգռուած ուժերու դէմ: Ասիկա պատճառ մը չէ նպաստելու համար այդ շահերուն` բաժանումի լուծումներ առաջարկելով:

Համայնքները, եթէ իրենք իրենց ձգուին, ի վերջոյ կը գտնեն իրենց կարելի գոյակցութեան պայմանները եւ ազգային միութեան պահպանման հիմնական տուեալները: Բոլոր ազգերը ճանչցան փոքրամասնութիւններու խնդիրներ: Անոնք կը յաջողին լուծել այդ խնդիրները` տարակարծութիւններէն վեր բարձրանալով եւ ոչ թէ զանոնք ծանրացնելով:

Խնդիրն այն է, որ օտար միջամտութիւն չըլլայ: Միջազգային օրէնքն ու բարոյականը, որոնք կոչուած են ՄԱԿ-ը վարելու, կերտուած են այս սկզբունքին վրայ:

Եթէ կիպրական խաղաղութիւնը չփնտռուի այս հիման վրայ, պիտի մտահոգուինք հոս: Հարցը մեզի համար սակարկութեան նիւթ չէ:

 

Համազգայինի Ամանորի
Խրախճանքը Դամասկոսի Մէջ

Յունուար 7, երեկոյեան, Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի աւանդական խրախճանքի հաւաքոյթը Ամանորի առթիւ:

Ժամանակէն առաջ հոծ թիւով անդամ-անդամուհիներ եւ համակիրներ բոլորուած էին ճոխ սեղաններու շուրջ` ստեղծելով ընտանեկան մտերմիկ մթնոլորտ մը: Ժամը 9:30-ին Ժոզեֆ Ղազարեանի շնորհաւորական խօսքերով հաւաքոյթը բացուած յայտարարուեցաւ եւ ընտրուեցաւ օրուան թամատան` յանձին Գէորգ Սազճեանի: Փոխնիփոխ բաժակաճառեր ըրին եւ խօսք առին` Մ. Պապիկեան, Կ. Պետիկեան, Ս. Պապիկեան եւ Գ. Սազճեան:

Հիւրաբար քաղաքս գտնուող Պերճուհի Քէշիշեան խոր ապրումով արտասանեց Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն», Սարգիս Գէորգեան` Սիամանթոյէն կտոր մը եւ Ա. Խաճարեան` Ակնունիի «Դէպի երկիր»-ը: Ծանօթ երգիչ Ա. Քէշիշեան իր թովիչ ձայնով լսելի ըրաւ «Հորովել»-ը` Թաթուլ Ալթունեանէն, «Արդեօք գիտե՞ս դու»` Ա. Սաթեանէն, «Լեպլեպճի հօր հօր աղա»` անսամպլի վերջին երգածներէն, որ արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու եւ կրկնուեցաւ: Իրենց անակնկալներով մեծապէս զուարճացուցին ներկաները` Յակոբ Խաճարեան եւ Մանուէլ Քէշիշեան: Ու այսպէս մինչեւ ուշ գիշեր երգերով, խմբերգներով, անակնկալներով լի, ճոխ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ ժամերը սահեցան շուտով:

Հաւաքոյթը չփակուած` Սիսակ Պոյաճեան ներկաներուն սրամիտ եւ հաճելի կաղանդչէքներ բաժնեց:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մօտ Ատենէն` 9 Միլիա՞ռ…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.