Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Աղբերու Թղթածրարին Լուծումը

January 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
011215_ministrial_council
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:45-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որ յատկացուած պիտի ըլլար միայն աղբերու թղթածրարին: Սակայն նկատի ունենալով Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած զոյգ անձնասպանական գործողութիւններն ու Ռումիէի բանտին մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը, կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ անոնց վերաբերող հարցեր:

Նիստին ընթացքին նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ղազի Զաայթեր ուղղուեցան Քլեմանսօ` հանդիպում մը ունենալու համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, ապա անոնք վերադարձան վարչապետարան եւ մասնակցեցան տակաւին ընթացքի մէջ եղող նիստին:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ ողջունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ Ռումիէի բանտին մէջ գործադրուած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ նախանցեալ օր Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան դէմ ցոյցին:

Ապա կառավարութիւնը անցաւ քննարկելու աղբերուն յատուկ թղթածրարը, որուն լուծումը վաւերացուց` երեք ամիս երկարաձգելով Սուքլինի աշխատանքին եւ Նաամէի աղբանոցի փակման ժամկէտը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարները մերժեցին կառավարութեան որոշումները:

Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները վերադարձան Ռիատ Սոլհի հրապարակ` շարունակելու համար իրենց բաց նստացոյցը:

Անոնք հաստատեցին, որ առեւանգողներուն կողմէ իրենց բջիջային հեռաձայններուն հասած է «Ո՞վ պիտի վճարէ» հարցումը կրող լուսանկար մը, որ կ՛ակնարկէ առեւանգուած բանակայիններէն մէկը սպաննելու միտումին: Ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք կ՛ողջունեն ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Մաշնուքի կատարածը, սակայն մտահոգութիւն յայտնեցին, որ այդ պատճառով իրենց զաւակներէն մէկը իր կեանքը կրնայ կորսնցնել:

Ռայի պատրիարքը եւ վարչապետ Սալամ
Ռայի պատրիարքը եւ վարչապետ Սալամ

Ան մաղթեց, որ իրենց զաւակներուն վնաս չհասցնեն:

Ուշ երեկոյեան, Ժապհաթ Նուսրա «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն սպառնաց, որ լիբանանեան բոլոր համայնքները պիտի կրեն լիբանանեան բանակին անխոհեմ վարուելակերպին հետեւանքները:

ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

 

Նախորդը

Աունի Քաաքիի Գլխաւորած Անուանացանկը Յաղթանակ Կ՛արձանագրէ Մամլոյ Սենտիքայի Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

Արաբական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.