Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Ստեղծուի Հայկական Հաւաքական Գերեզմաններու Յայտնաբերման Հիմնադրամ

January 6, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615skullsԹուրքիոյ մէջ գործող տարբեր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու ընկերակցութեան գլխաւորութեամբ, հաւաքական եւ զանգուածային գերեզմաններու հիմնադրամ պիտի հիմնեն:

Ըստ «Ակօս»-ի, հաւաքական գերեզմաններու յայտնաբերման աշխատանքները կը տարուին երեք ուղղութեամբ` 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու գերեզմաններ, 1925-ին եւ 1930-ականներուն տեղի ունեցած քրտական ապստամբութեանց եւ հետագայ քրտական պատերազմներու ժամանակաշրջաններու գերեզմաններ: «Հայոց ցեղասպանութենէն եւ 1990-ին սաստկացած քրտական պատերազմներէն ետք իւրաքանչիւր գերեզմանափորման աշխատանքի ժամանակ կը յայտնաբերուին ոսկորներ, հետաքննութիւն կը կատարուի, կը դիմուին դատարաններ, սակայն պետութիւնը մինչ օրս այդ ուղղութեամբ յստակ քայլեր չէ կատարած: Հաւաքական գերեզմաններու իրականութիւնը տարիներ շարունակ եղած է մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ, յատկապէս` սոյն կազմակերպութեան Տիգրանակերտի մասնաճիւղը երկար ժամանակ կը փորձէ գտնել զանուածային գերեզմաններու վայրերը: Միութիւնը պատրաստած է նաեւ յայտնաբերուած վայրերու քարտէսը: Դեկտեմբերի 16-ին, հրապարակուած զեկոյցին համաձայն, 348 զանգուածային գերեզմաններու մէջ գտնուած է 4201 դիակ, սակայն զեկոյցին մէջ չեն ներառուած 1915-ի տուեալները», կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը:

«Ակօս»-ը կը տեղեկացնէ, որ Սղերդը 1915-էն առաջ եղած է հայահոծ բնակավայր, այնտեղ մինչեւ Ցեղասպանութիւն ապրած է 4032 հայ: Երեք եկեղեցի ունեցող Սղերդը ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ ասորիների բնակութեան կեդրոն եղած է: Իսկ հայկական կոտորածը բոլորին յիշողութեան մէջ թարմ է, Սղերդի մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն հայերու զանգուածային կոտորածի վայրերուն մասին: «1915-էն ետք քաղաքին մէջ քրտացման շարժում սկիզբ առաւ: Աւելի ուշ, քրտական քաղաքական շարժման կարեւոր կեդրոններէն մէկը համարուող Սղերդի մէջ 1989 թուականին սպաննուեցան աւելի քան 300 Քակ-ի (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) զինեալներ եւ նետուեցան Նէուալայ անունով յայտնի գիւղաքաղաքի Դահիճներու առուն», կը գրէ «Ակօս»-ը եւ կը տեղեկացնէ, որ ըստ զեկոյցին, այնտեղ յայտնաբերուած են 48 զանգուածային գերեզմաններ: Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Նէուալա գիւղաքաղաքին մօտ կան հայերու եւ քիւրտերու զանգուածային գերեզմաններ:

Մարդու իրաւունքներու Սղերդի մասնաճիւղի նախագահ Զանայ Եաւուզը «Ակօս»-ին յայտնած է. «Սղերդը հայերու եւ ասորիներու քաղաք էր: 1915-էն ետք քրտական քաղաքի վերածուեցաւ: Այդ մասին քաղաքի բնակիչները բոլորը գիտեն: Թեհթամեթերխանեն նոյնպէս հայերու կոտորածներու վայր եղած է: Թեհթամեթերխանէի բարձունքի ժայռերուն վրայ տակաւին հայերու ոսկորներ կան…»:

 

 

Նախորդը

Թուրքիայում Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Հերթական Բազմահատորեակն Է Տպուել

Յաջորդը

Թուրքիայի Ժամանակակից Դրամագլխի Աղբիւրը Հայկական Եւ Յունական Գոյքն Է

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.