Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան Ճեմալ` Երեւանի Մէջ. «Չեմ Եկած Ըսելու Այն, Ինչ Որ Կ՛ուզէք Լսել»

December 15, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1214Hassan-CemalԵրեւանի պետական համալսարանի  արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ անցեալ ուրբաթ օր  տեղի ունեցած է հանդիպում թրքագիտութեան բաժանմունքի ուսանողներու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործողներէն  մէկուն` Ճեմալ փաշայի թոռան` Հասան Ճեմալի միջեւ: Ճեմալ հարցումներուն պատասխանելու ատեն պարբերաբար շեշտած է, որ «Երեւան եկած է հայերուն հրաւէրով` Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր գիրքը ներկայացնելու», այլ ոչ թէ  ըսելու մեր լսել ուզածը: Ան նաեւ մէջբերած է անգլիացի գրող Ճորճ Օրուելի յայտնի խօսքը. «Ազատութիւնը այն է, երբ կրնաս ըսել այն, ինչ որ մարդիկ չեն ուզեր լսել»:

«Երկիր»-ի լրագրողը կրտսեր Ճեմալէն հետաքրքրուած է, թէ  տրամաբանակա՞ն է, արդեօք, որ միայն գիրքը ներկայացնելու համար եկած է Երեւան, չէ՞ որ ատիկա կրնար ընել առանց Թուրքիայէն  Հայաստան հասնելու` համացանցի միջոցով:   «Ատոր փոխարէն ինչո՞ւ Հայաստան եկած էք եւ  այսքան մարդու, թերեւս անկախ ձեզմէ, վէրքերը  կը թարմացնէք` անոնց հարցումներուն չպատասխանելով», հարցուցած է «Երկիր»-ի լրագրողը:

Ճեմալ իր ըսածին հակասած է` պնդելով, թէ զինք սխալ հասկցած են: «Գիրքին նախաբանին մէջ ես Օրուելի խօսքերը մէջբերած եմ, ատիկա չի նշանակեր, որ եկած եմ Երեւան` մարդոց ցաւերը թարմացնելու: Այս գիրքը գրած, այս կողքը ընտրած մարդը ինչպէ՞ս կրնայ նման բան ըսել: Տէ, ես խենթ չեմ: Ընդհակառակն` եկած եմ, որպէսզի անհատապէս ներդրում ունենամ ցաւերը ապաքինելու, զանոնք փակելու հարցին մէջ: Այլապէս, կը գրէի այս գիրքը եւ այլեւս չէի խօսեր, ինչպէս շատեր  ինծի կ՛առաջարկեն: Կը կարծեմ` թիւրիմացութիւն եղած է, կամ ես լաւ չեմ կրցած  արտայայտել միտքս: Ես առաջին մարդը չեմ, որ  կ՛արտայայտուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սակայն այս գիրքն է , որ առաջին անգամ կը տպուի «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» անունով: Ատոր համար Իսմայիլ Պեշիքճի 17 տարի բանտարկուած է, Թաներ Աքչամ ստիպուած եղած է ապրիլ արտերկրի մէջ, Ռակըփ Զարաքօղլու եւս քանի տարիներ բանտարկուած է: Անոնք ատիկա բանի մը  դիմաց չեն ըրած, այլ` իրենց մտաւորական անձնաւորութենէն մեկնելով: 1915 թուականն ու Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած նիւթեր են, ատիկա կոտրողները այս գիրքը գրելէ շատ աւելի մեծ համարձակութեամբ գործած են: Ես պարզապէս գիրքին այդ անունը տուած եմ: Իմ խնդրանքս ձեզմէ` առանց ձեր ցաւերը մոռնալու, գիտցէք, որ Թուրքիոյ մէջ կան շարք մը  մարդիկ, որոնք կը բաժնեն եւ կը հասկնան  ձեր ցաւերը: Եթէ մէկը նման գիրք կը գրէ, բայց չի կրնար ձեզի հետ խօսիլ, մոռցէք ուրեմն` չենք կրնար այդ պատերը ջարդել: Մեր գլխուն մէջ կան պատեր, որոնք, այսպէս թէ այնպէս, «բռնագրաւուած են»: Ըլլայ մանկապարտէզի, թէ դպրոցի մէջ` մենք չենք նկատեր այդ պատերը: Ես 18 տարեկանիս գացի Քեմպրիճի համալսարան: Այնտեղ եգիպտացի աղջկան մը  ծանօթացայ: Ինծի հարցուց` Ճեմալ մականունը ուրկէ՞ կու գայ: Ըսի` Ճեմալ փաշայէն: Ըսաւ` «աս սաֆա՞հ»` արիւնարբու Ճեմա՞լը: Ըսի` այո, եւ ան դարձաւ, հեռացաւ: Արաբերէնի մէջ Ճեմալ փաշան կը յիշատակեն  իբրեւ մսագործի: 2009 թուականին Հարվըրտի համալսարանին մէջ դասախօսութենէ ետք, վերադարձի ժամանակ օդակայանին մէջ հայ գործընկեր մը մօտեցաւ ինծի, իրարու ձեռք սեղմեցինք: Ըսաւ, որ զաւակը զիս մատնանշած է, այնտեղ նստած է, բայց չ՛ուզեր մօտենալ, մատաղ սերունդը այսպիսին է», ըսած է Հասան Ճեմալ: Ապա, կտրուկ անցում կատարելով համալսարաններու գոյութեան կարեւորութեան, ան ըսած է. «Համալսարանները կան, որովհետեւ  գոյութիւն ունին քննադատական մտածողութիւններ: Ատոր համար հանդարտ  եղէք, եւ ոչ միայն այլոց նկատմամբ եղէք քննադատական, այլեւ դուք ձեզի հանդէպ»: Այսպիսով` անպատասխան մնաց բոլորը  հետաքրքրող այն հարցումը, որ ինչո՞ւ Հասան Ճեմալ իրականութեան մէջ Երեւան եկած է, ըսած է  «Երկիր»-ի լրագրողը:

Յայտնենք, որ հինգշաբթի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ, Հասան Ճեմալի հեղինակած «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքի երեւանեան շնորհահանդէսին աւարտէն ետք,  գիրքի թարգմանիչ Ռուբէն Մելքոնեան  յայտարարած է, որ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը խեղաթիւրած է իր թարգմանութիւնը` ատիկա  դարձնելով «թրքամէտ»: Բացի ատկէ` մարդիկ բողոքած են, որ ոչ մէկ ձեւով կարելի եղած է  հարցում ուղղել Ճեմալին, որ շրջապատուած էր իր «թիկնապահներով»:

 

Նախորդը

Շամիլ Թայյար Կը Պնդէ, Որ Ռամազան Ագեիւրեք Պէտք Է Տինքի Հարցով Հարցաքննուի

Յաջորդը

Աբրահամեան Վրաստանի Նախագահը 24 Ապրիլին Հրաւիրած Է Հայաստան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.