
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի խորհրդական Էթիեն Մահճուբեան «Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է այն պայմանը, որուն պարագային պիտի բացուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:
«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանը պիտի բացուի միայն փաթեթային լուծման պարագային, եւ ատիկա կը վերաբերի թէ՛ թուրք-հայկական, թէ՛ ալ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն», ըսած է Մահճուբեան:
«24 ապրիլ 2015-ը շատ խորհրդանշական թուական է, եւ ատոր մօտենալը կ՛աւելցնէ հայկական միջավայրին մէջ ծայրայեղականութեան աճը: Անոնք ատոր կը մօտենան ոչ փոխզիջումային դիրքերէ», ըսած է խորհրդականը:
Մահճուբեան չի հաւատար, որ Թուրքիան պիտի ձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի բաւարարեն հայկական կողմին պահանջները:
«Հայկական կողմի այդպիսի մօտեցման պարագային ցեղասպանութեան եւ սահմանի բացման հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ զիջում կարելի չէ», յայտարարած է Մահճուբեան:
Ըստ անոր, եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ որոշ քայլեր առնուին, ապա միայն մէկ տարի ետք պիտի ըլլան, որովհետեւ միայն այդ ժամանակ կիրքերը պիտի հանդարտին:
Ան յիշեցուցած է, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ վարչապետ, այժմ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այդ հարցին առնչութեամբ ուղերձ յղած էր, ցաւակցած էր եւ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած այդ իրադարձութիւնները նկատած «երկու ազգերու ընդհանուր ցաւ»: Ըստ անոր, ատիկա որոշակի շեմ է, որմէ թրքական կողմը նահանջ պիտի չկատարէ:


