«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Ակօս» շաբաթաթերթը հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող օսմաներէն փաստաթուղթ մը, որ 2 ապրիլ 1918-ին ներկայացուած էր եւ երկու օր ետք ընդգրկուած Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգին վրայ:
Նշեալ փաստաթուղթէն առաջ, 23 յունիս 1914-ին թրքական խորհրդարանին մէջ քննուած էին Այտընէն երեսփոխան Էմանուէլ Էմանուէլիտինի եւ անոր գործընկերոջ հարցապնդումը` յոյներու տեղահանութեան մասին, եւ այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Մեհմետ Թալէաթի պատասխանը:
Հարցապնդման մէջ երեսփոխանները նշած են 150 հազար բնիկ յոյները հայրենազրկելու, յոյներուն դէմ իշխանութիւններուն դրդումով խռովութիւն կազմակերպելու եւ ներգաղթածները յոյներու գիւղերուն մէջ տեղաւորելու հետ կապուած հարցեր: Թալէաթ պատասխանած էր, որ յոյներու տեղահանութիւնը կապուած է Պալքաններէն թուրքերու ներգաղթին հետ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ կ՛ակնկալուի յոյներու վերադարձը, Թալէաթ ըսած է. «Կառավարութիւնը ատիկա չի փափաքիր»:
Այդ քննարկումէն 4 տարի ետք` 2 ապրիլ 1918-ին, երեսփոխան Էմանուէլիտին, Չաթալճայէն երեսփոխան Թոքինիտիս եւ Իզմիրէն երեսփոխան Վանկել խորհրդարան ներկայացուցած են այս անգամ հայերու ու յոյներու ցեղասպանութիւններուն եւ արաբներու նկատմամբ խտրական քաղաքականութեան մասին վերոնշեալ հարցապնդումը:
Օսմանեան խորհրդարանի նախագահին ուղղուած հարցապնդումին մէջ նշուած է, որ հինգ տարիէ աւելի եւ կառավարութեան հովանաւորութեամբ, աննախադէպ բռնութիւններ իրագործուած են երկրին մէջ` շեշտելով, որ միայն ազգային պատկանելիութեան պատճառով մէկ միլիոն հայեր` առանց բացառութեան, կիներ եւ երեխաներ սպաննուած են, 250 հազար յոյներ վտարուած են երկրէն, իսկ 150 հազարէ աւելի յոյներ սպաննուած են անոնց ունեցուածքը իւրացուած է, սպաննուած են խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Զօհրապը եւ Վարդգէսը, նաեւ արաբներու սպանութիւններ տեղի ունեցած են եւ 250 հազարէ աւելի քաղաքացիներ տեղահանութեան ժամանակ սովամահ եղած:
«Ակօս» չէ ներկայացուցած այս հարցապնդման պատասխանը:


