Տօնական օրերու սեմին քաղաքացիներուն եւ երկրի վարիչներուն մտահոգութիւնները կեդրոնացած են քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային կացութեան կայունացման հրամայականին վրայ: Քաղաքացիներէն ոմանք իրենց ցասումը արտայայտեցին բողոքի ցոյցերով Պէյրութի թէ Թրիփոլիի եւ Ժիէի մէջ: Իսկ վարիչները կը շարունակեն իրենց քուլիսային թէ հրապարակային ճիգերը` տագնապալի կացութեան լուծման մը ձգտումով:
Արդարեւ, ուշագրաւ են վերջին օրերուն թափ ստացած, քուլիսներու ետին կայացող միջլիբանանեան մասնակի երկխօսութեան ճիգերը` Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժերու կուսակցութեանց ղեկավարներ երեսփոխան Միշել Աունի եւ Սամիր Ժահժահի միջեւ: Այս իմաստով Լիբանանեան ուժերու մէկ աղբիւրը հաստատեց, որ «Ժահժահի Ռապիէ այցելութեան միտումը լուրջ է, հեռու` քաղաքական սակարկութիւններէ»: Նմանապէս, «տաք կրակ»-ի վրայ են Հըզպալլա -Մուսթաքպալ հանդիպումի հաւանականութեան գծով տարուող ճիգերը: Այս ծիրին մէջ Մարտ 8-ի ուժերու աղբիւրներ նման հանդիպում մը հաւանական կը նկատեն յառաջիկայ տօնական օրերուն ընթացքին: Նոյն ծիրին մէջ, դրական ազդանշան կը նկատուի հաւատարմութիւն դիմադրութեան խորհրդարանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի յայտարարութիւնը, թէ` իրենք պատրաստ են հասկացողութեան գալու բոլոր կողմերուն հետ` իրապաշտ կերպով ու մեկնելով իրենց համոզումներէն»: Նոյն ուղղութեամբ կ՛ընթանան Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի ճիգերը: Վերջինս նախորդ շաբաթավերջին այցելեց հարաւային Լիբանանի Հասպայա, Մարժեհիուն եւ մերձակայ շրջանները երկխօսութեան կոչ ուղղելով հակադիր կողմերուն, որոնց կարգին նաեւ Հըզպալլայի հետ:
Սակայն ներքին ճակատի վրայ թափ ստացող այս ճիգերը կ՛արդիւնաւորուին արտաքին «կանաչ լոյսերու» աշխուժացումով, ինչ որ կը վերահաստատէ լիբանանեան հարցին լուծման առնչութիւնը շրջանի կացութեան զարգացումին` միամտութիւն նկատելով հակառակին ենթադրութիւնը: Այս իմաստով, երեւութապէս ընկերային, տնտեսական եւ զինուորական բնոյթի այցելութիւնները խորքին մէջ թիրախ ունին նաեւ քաղաքական հեռանկար: Արդարեւ, ֆրանսացի պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ, որ վերջերս Պէյրութ այցելած էր, լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ֆրանսական զինամթերքին շուրջ խօսակցութեանց ընթացքին կը քննարկէր նաեւ Լիբանանի նախագահութեան աւելի քան երկու հարիւր օրերէ ի վեր թափուր մնացած աթոռին հարցը` պատրաստակամութիւն յայտնելով «միջամտելու» սէուտական Արաբիոյ մօտ: Նոյն ծիրին մէջ է նաեւ Սամիր Ժահժահի Սէուտական Արաբիա մեկնումը` խորհրդակցութեանց համար:
Արտաքին ճիգերու ծիրին մէջ, այսօր Պէյրութ կը ժամանէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Իլիասոն, որ երկրի վարիչներուն հետ պիտի խորհրդակցի նախագահական ընտրութեան գծով, Նմանապէս, ռուս բանագնաց Միխայել Պոկտանով վերջերս Պէյրութ կատարած այցելութիւնը իր արդիւնքները պիտի դրսեւորէ մօտերս նախատեսուող Մոսկուա-Իրան-Սուրիա խորհրդակցութեանց ընթացքին:
Նաեւ` Ապահովական Գետնի Վրայ
Այս բոլորին կողքին, քաղաքացիները հանգստացնող դրական քայլ կը նկատուին բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ծրագրած «ապահովական արտակարգ միջոցառումներու ծրագիր»-ի մասին տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, ապահովական խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին երկրի կրօնական, առեւտրական եւ քաղաքական կարեւոր կեդրոններուն մօտ` կանխարգիլելու եւ դիմակալելու համար «տօնական օրերուն ծրագրուող խափանարարական եւ ահաբեկչական քայլեր»-ու փորձերը:
Այս բոլորին լոյսին տակ քաղաքացիներուն կը մնայ յաճախ կրկնուող նման դրական ազդանշաններու իրականացումը տեսնել:
Այս ծիրին մէջ դէտեր մեծ յոյսեր կը կապեն եւ լաւատես են առեւանգուած զինուորականներուն գծով նոր «միջնորդ»-ի մը բացայայտումին գծով` Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ: Արդարեւ, շէյխ Ուիսամ Մասրի կը նկատուի այս թնճուկի լուծման խաղաղարար նոր միջնորդը, որ կը վայելէ միաժամանակ Հըզպալլայի եւ Ժապհաթ Նուսրայի հաւանութիւնը:
Նմանապէս գօտեպնդիչ էր ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի այն յայտարարութիւնը, թէ կառավարութիւնը բանակցութեան պիտի սկսի միայն «զինուորները սպաննելու արարքի դադրեցման յայտարարութեան լոյսին տակ»` իբրեւ նախապայման որեւէ կապակցութեան ՏԱՀԵՇ-ի թէ Ժապհաթ Նուսրայի հետ:


