
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան դատապարտած է բռնութեան որեւէ դրսեւորում, աւելին` եթէ ատիկա կապուած է պատգամաւորներուն, «Արմէնփրես»-ին փոխանցած է Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Արսէն Բաբայեան:
«Պէտք է նշեմ, որ պարոն Սահակեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է պատգամաւոր Արամ Մանուկեանի հետ` հետաքրքրուելով անոր առողջական վիճակով: Միաժամանակ նշեմ, որ Ազգային ժողովի նախագահը ուշադիր կը հետեւի տուեալ դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործին ընթացքին, որուն կապուած պարոն Սահակեան արդէն իսկ խօսած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազին հետ: Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ արդէն իսկ յարուցուած է քրէական գործ, պէտք է նշեմ, որ դէպքին ընթացքին լուծումը պարզապէս անհրաժեշտ է ձգել համապատասխան մարմիններուն», ըսած է Բաբայեան:
Ըստ անոր, Ազգային ժողովի նախագահը յորդորած է սպասել քննութեան աւարտին` կոչ ուղղելով բոլորին զերծ մնալու այլ ենթադրութիւններէ եւ նախաձեռնութիւններէ:
Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի երեկոյեան բազմայարկ շէնքի մուտքին ծեծի ենթարկուած է Հայ ազգային քոնկրես խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան:


