
Ազրպէյճան հայկական կողմին փոխանցած է 10 յունուար 2010-ին Ազրպէյճանի տարածք անցած հայկական ընտանիքը:
Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի հայաստանեան ներկայացուցչութեան մամլոյ պատասխանատու Զառա Ամատունին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Հայաստանի հինգ քաղաքացիներէ բաղկացած ընտանիքին հայրենադարձութիւնը տեղի ունեցած է երէկ, Իջեւանի եւ Ղազախի միջանկեալ ճամբու հատուածին մէջ, միջազգային սահմանագիծին կից, եւ կատարուած է Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ:
«Ընտանիքը փոխանցուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն», ըսած է Ամատունի:
Հարցումին, թէ արդեօք ընտանիքը հայկական կողմին դիմումո՞վ փոխանցուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, Ամատունին պատասխանեց, որ դիմում գոյութիւն չունի:
«Սովորաբար նման պարագաներուն Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդը պարբերաբար այցելութիւններ կը կատարէ: Այդ այցելութիւններուն նպատակներէն է աջակցիլ, որպէսզի այդ քաղաքացիներուն կամքը իրականանայ: Նախ եւ առաջ մեզ կը հետաքրքրէ տուեալ մարդուն կամքը եւ կողմնորոշումը, թէ ան ի՛նչ կ՛ուզէ: Իսկ ատիկա կը դառնայ իշխանութիւններու հետ մեր երկխօսութեան նիւթը, այլ ոչ թէ այդ մարդու ցանկութիւններէն դուրս` իշխանութիւններուն ցանկութիւնը անոր վերաբերեալ», ըսած է Ամատունի:
Նշենք, որ ազրպէյճանական աղբիւրները կը հաղորդէին, թէ ընտանիքը անցած է Ազրպէյճանի տարածք երրորդ երկիր տեղափոխուելու նպատակով:
Ամատունին չմեկնաբանեց, թէ ինչպիսի՛ն էր հայրենադարձուածներուն առողջական վիճակը:


