
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին զինման նպատակով Սէուտական Արաբիոյ յատկացուցած երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը, որուն արժողութեամբ Ֆրանսա զէնք եւ զինամթերք պիտի տրամադրէ բանակին:
Հոլլանտի հետ հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իրենք աւարտած են լիբանանեան բանակին ֆրանսական զինուորական օժանդակութիւնը տրամադրելու մանրամասնութիւններուն քննարկումը` աւելցնելով, որ բանակը մօտիկ ապագային զէնքն ու զինամթերքը պիտի ստանայ:
Վարչապետը ընդգծեց, որ Փարիզ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նախագահական ընտրութեան առումով Լիբանանին օժանդակելու:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական հեզասահ յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը լուծելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:


