
«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան մէջ շարունակուող քննութեան ընթացքին իբրեւ կասկածեալ հարցաքննուած է Պոլսոյ նախկին փոխնահանգապետ Էրկիւն Կիւնկէօր:
Հարցաքննութիւնը տեւած է 2.5 ժամ: Ան պնդած է, թէ ինք Հրանդ Տինքին չէ սպառնացած:
«Սապիհա Կէօքչենի հետ կապուած լուրերը հանրութեան շրջանակին մէջ կրնային վրդովմունք յառաջացնել, եւ ես միայն նախազգուշացուցի, որ ատիկա որոշ շրջանակներու կողմէ կրնայ օգտագործուիլ», ըսած է ան:
Աթաթուրքի որդեգիր դստեր` Սապիհա Կէօքչենի հայ ըլլալուն մասին նիւթին հրապարակումէն ետք, Տինք կանչուած էր Պոլսոյ նահանգապետարան ու զգուշացուած: Աւելի ուշ Տինք յօդուած գրած էր` նկարագրելով Պոլսոյ նահանգապետարանին մէջ իր ունեցած հանդիպումն ու խօսած էր այն մասին, որ «փոխնահանգապետը իրեն տեղը ցոյց տուած է` հասկցնելով, որ հակառակ պարագային լաւ պիտի չըլլայ»:
Տինքի եւ փոխնահանգապետ Կիւնկէօրի հանդիպումին նաեւ մասնակցած էր յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչ Էօզել Եըլմազ:


