«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի` սահմանը փակելու առաջարկը տարակուսանք կը յառաջացնէ:
«Եթէ անկեղծ` այդպիսի արտայայտութիւնները տարակուսանք կը յառաջացնեն. նախ եւ առաջ մենք արդէն բազմիցս ըսած ենք, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու ներկայացուցիչները չեն եղած եւ չկան Ուքրանիոյ մէջ: Այդ պատճառով ալ դուրս բերելու ոչինչ կայ: Ինչ կը վերաբերի սահմանին, ապա մեր կողմէ սահմանը ամբողջութեամբ ապահովուած է», նշած է Լուքաշեւիչ:
Բացի ատկէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը խնդրէ պաշտօնապէս յստակացնել Ուքրանիոյ նախագահին յայտարարութիւնները:
«Հաւանաբար, Աւստրալիոյ մէջ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ լրացուցիչ բացատրութիւններ պիտի պահանջուին: Ես կը կարծեմ, որ մենք շարք մը աղբիւրներով պիտի խնդրենք պաշտօնապէս բացատրել նման դիրքորոշումը», ըսած է Լուքաշեւիչ:
Փորոշենքօ դարձեալ մեղադրած է Ռուսիան Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ ստեղծուած տագնապին համար, կոչ ուղղած ռուսական զօրքերը հեռացնելու այդ շրջանէն եւ Ռուսիոյ առաջարկած փակել Ուքրանիոյ հետ սահմանը:


