Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի ղեկավար Ուսամա Նաքլի յայտնեց. «Իրաքի մէջ սէուտական նոր դեսպանատան վայրը ամրապնդուած Կանաչ շրջանին մէջ պիտի ըլլայ, սակայն ճշգրիտ վայրը չէ ճշդուած եւ պիտի քննարկուի Պաղտատի կառավարութեան հետ»:
Նաքլի ըսաւ. «Սէուտական թեքնիք հարցերու պատուիրակութիւն մը պիտի ուղղուի Իրաք` իրաքեան կառավարութեան հետ համակարգաբար աչքէ անցընելու համար Կանաչ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող վայրերը` նախապէս գոյացած համաձայնութեան հիմամբ»:
«(Դեսպանատան) բացման թուականը կախեալ է դեսպանատան վայրի ընտրութենէն եւ սարքաւորումէն», ըսաւ ան:


