
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միութեան» ղեկավար Կէօքսել Կիւլպէյ յայտարարած է, որ իրենք կը պահանջեն, որ Թուրքիոյ մէջ հայերուն պատկանող հիմնադրամներուն, եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն մէջ դրամական ելքերն ու մուտքերը ուսումնասիրուին:
Ան յայտարարած է, որ այդ ձեւով հսկողութեան տակ պիտի պահեն Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը` թոյլ չտալով խմբաւորումներ ստեղծել:
«Այսպէս կոչուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հայկական լոպին ու Հայաստանը քայլերու կը ձեռնարկեն, իսկ Թուրքիոյ մէջ հայկական հիմնադրամները ունին բազմաթիւ անշարժ գոյքեր, որոնցմէ մեծ եկամուտներ կը ստանան», ըսած է ան` յայտարարելով, որ տպագրուող հայկական թերթերը եւս Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու շրջանակին մէջ ստիպողաբար բաժանորդագրութիւն կը կատարեն եւ մեծ եկամուտներ կ՛ունենան:
Ան պնդած է. «Հայ համայնքի այդ եկամուտները կը գրգռեն հայկական լոպիի ախորժակը» եւ կը ստիպեն Թուրքիան դժուար կացութեան մէջ դնել:


