
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը Կիպրոսի մօտ ծովուն բացը գտնուող ուժանիւթի պաշարներէն բաժին կ՛ուզէ: Այդ հարցը Նիկոսիոյ եւ Աթէնքի հետ լարուածութիւն ստեղծած էր:
Տաւութօղլու Աթէնք կատարած իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեց այդ հարստութիւնը Յունաստանի հետ օգտագործելու` նշելով, որ բնական կազի պաշարները կարելի է Թուրքիոյ ճամբով Յունաստան հասցնել:
Նշենք, որ Արեւելեան Միջերկրականի այն շրջանին մէջ, որ Յունաստանի աջակցութիւնը վայելող Կիպրոս իր տնտեսական սեփական գօտին կը նկատէ, բնական կազի պաշարները կը գնահատուին 102 եւ 170 միլիառ խորանարդ մեթրով:


