Երէկ կէս գիշերուան տուեալներով, Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը իրականացուց մահապատիժը առեւանգուած զինուորական Ալի Պազզալի նկատմամբ` զգուշացնելով բանակին, որ եթէ իր մօտ գտնուող երկու կին բանտարկեալները անմիջապէս ազատ չ՛արձակէ, ապա մահապատիժի պիտի ենթարկէ առեւանգուած ուրիշ զինուորներ եւս:
Միեւնոյն ժամանակ, Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ յարձակումներ գործեցին Արսալի եւ Պեքաայի մէջ գտնուող բանակի դիրքերուն դէմ:
Բանակը իր կարգին թնդանօթներով թիրախ դարձուց զինեալներու դիրքերը Արսալի բարձունքներուն վրայ:
Աւելի ուշ, լիբանանեան բանակը իր ուժերը տարածեց Պեքաայի բոլոր շրջաններուն մէջ` կանխարգիլելու համար զինուոր Ալի Պազզալի սպանութեան վտանգաւոր հետեւանքները:


