
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ը պէտք է աւելի մեծ ջանքեր գործադրէ` «սառեցուած» տագնապներու լուծման համար:
Չաւուշօղլու նշած է.«Յաջորդ սերունդներու սպասելիքները յայտնի են: Անոնք կ՛ակնկալեն, որ մենք պէտք է ամբողջ ուժով փորձենք խաղաղութիւն հաստատել ու զարգացման համար պայմաններ ստեղծել»:
Ան ըսած է, որ Թուրքիան չ՛ընդունիր Խրիմի մէջ տիրող իրավիճակը: Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ ուքրանական ճգնաժամը ԵԱՀԿ-ի համար առաջնային կարեւորութիւն ունի:
«ԵԱՀԿ-ը կը նախատեսէ ներդրում ունենալ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման հարցին մէջ: Մենք պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորենք` ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու եւ այլ խնդիրները կանխարգիլելու համար», ըսած է ան:


