
Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամանած էր Պէյրութ, երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:
Ապա ռուս պաշտօնատարը ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պոկտանով յայտնեց, որ իրենք կը շարունակեն Լիբանանին քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութիւն մատուցել, որպէսզի ան կարենայ ամրապնդել Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակի ապահովական կայունութիւնը:
Պոկտանով նշեց, որ իրենք Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան հետ կապի մէջ են` աւելցնելով, որ իրենց պարտականութիւնն է անոնց միջեւ առանց նախապայմանի խորհրդակցութիւններ ապահովելու լուրջ բանակցութիւններ կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիական ազգային երկխօսութիւն կատարել:
«Ի վերջոյ սուրիացի ժողովուրդը, որ ներկայացուած է կառավարութեամբ եւ ընդդիմութեամբ, ազգային ինքնորոշումի եւ երկրին ապագան որոշելու իրաւունք ունի», ըսաւ Պոկտանով:
Պուսթրոս պալատին մէջ Պոկտանով հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումէն ետք Պոկտանով հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց միացեալ ջանքերը` ամրապնդելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապա Պոկտանով ուղղուեցաւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Պոկտանով այցելեց նաեւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
Հանդիպումէն ետք Պոկտանով յայտնեց, որ Սլէյմանի հետ քննարկած են Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ իրենք կը քաջալերեն լիբանանցիները նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատեն լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու իմաստով:
Պոկտանով շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան:
Պոկտանով երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Ռուսիա ճիգ չի խնայեր շրջանի տագնապներուն խաղաղ լուծումներ տրամադրելու:


