
«Ռոսպլաթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Թամար Պերուչաշվիլի քննարկած են ռուս-աբխազական համաձայնագիրին ստորագրութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը տեւած է 15 վայրկեան: Հանդիպումէն ետք Պերուչաշվիլի նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն այդ համաձայնագիրին կնքումը, եւ քայլերու պիտի ձեռնարկեն, եթէ հեռուն գացող հետեւանքներ ունենայ:
Նախարարը նաեւ հաղորդած է, որ Քերրին խոստացած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը` Եւրոպական Միութեան հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան անցնելու հարցին մէջ:
«Մենք ստացած ենք Միացեալ Նահանգներու բազմակողմանի աջակցութիւնը, եւ ատիկա կարեւոր է մեզի համար», ընդգծած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
24 նոյեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Հաճիմպան ստորագրած էին համաձայնագիր մը` դաշնակցելու եւ ռազմավարական գործընկերներ ըլլալու վերաբերեալ: Փաստաթուղթը քննադատած էին ՕԹԱՆ-ն ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


