ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ տեղադրուած Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու միացեալ յայտարարութիւն մը կը նշէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով նախարար Հարլեմ Տեսիր կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
«Զինուորական լուծում չկայ, եւ մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու բռնութիւններէն եւ աշխուժ կերպով աշխատելու երկարատեւ լուծման ուղղութեամբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Պատուիրակութիւններու ղեկավարները ափսոսանք յայտնած են այս տարուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ բռնութեան աճին առնչութեամբ: «Յուլիսին եւ օգոստոսին զինուորական գործողութիւնները յանգեցուցին զգալի կորուստներու, աւելցուցին լարուածութիւնը եւ խորացուցին կողմերուն միջեւ անվստահութիւնը: Կողմերը պէտք է լրացուցիչ գործողութիւններու ձեռնարկեն 1994-ի զինադադարը ամրապնդելու եւ խաղաղ բանակցութիւններ կատարելու համար աւելի բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Պատուիրակութիւններուն ղեկավարները կը նշեն, որ 12 նոյեմբերին շփման գիծին վրայ ղարաբաղեան ուղղաթիռի վար առնուիլը «ողբերգութիւն էր, որմէ կարելի էր խուսափիլ»:
«Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու` հետագայ լարուածութեան սրումը կանխարգիլելու համար: Մենք նաեւ անոնց կոչ կ՛ուղղենք կարգաւորելու մարդասիրական խնդիրները Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հոկտեմբեր 2010-ին Աստրախանի յայտարարութեան ոգիով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«2014-ին Սոչիի, Նիւփորթի եւ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած երեք հանդիպումները վերականգնած են կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան կարեւորագոյն ալիքը: Կողմերը պէտք է գիտակցին, որ համապարփակ լուծման հիմքը Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու միացեալ յայտարարութիւններուն մէջ շարադրուած տարրերն ու սկզբունքներն են, յատկապէս անոնք, որոնք քննարկուած են Փարիզի մէջ անցեալ ամրան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:


