Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Գրականութեան Ու Բանաստեղծութեան Հսկան` Սայիտ Աքլ Յանձնուեցաւ Հողին

December 3, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1202_Funeral-Said--Akl--2Մինչեւ իր մահը, ամբողջ 102 տարի Լիբանանը սիրած եւ անոր գովքը հիւսած մեծ հայրենասէրը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գրականութեան ու բանաստեղծութեան սիւնը նկատուող մեծ բանաստեղծ Սայիտ Աքլ երէկ յանձնուեցաւ հողին:

Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սայիտ Աքլի յուղարկաւորութեան ինքնաշարժներու թափօրը «Էն. Տի. Եու.» համալսարանէն ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան նախկին նախագահներ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ գրական մշակներ, արուեստագէտներ եւ մեծ թիւով սգաւորներ:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Սայիտ Աքլի գրական ստեղծագործութիւնները զայն միշտ կենդանի պիտի պահեն մեր մտքերուն, սրտերուն եւ խղճերուն մէջ:

«Այդ ստեղծագործութիւնները պիտի դաստիարակեն լիբանանցի նոր սերունդները, եւ անոնք պիտի ուսանին անոր թողած հսկայ հարստութենէն», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը այդ առիթով մէջբերեց Սայիտ Աքլի արտայայտութիւններէն այն, որ ինք երբեք չի գիտեր ատել, սակայն իրեն համար ատելի են քաղաքական այն անձնաւորութիւնները, որոնք առիթը ունէին, սակայն Լիբանանի համար ոչինչ ըրին:

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, Աքլ փոխադրուեցաւ իր ծննդավայրը` Զահլէ, ուր ընդունուեցաւ հազարաւոր քաղաքացիներու կողմէ:

Ամբողջ Զահլէի վաճառատուները փակեցին իրենց դռները եւ Զահլէի բնակիչները մասնակցեցան Սայիտ Աքլի թաղման արարողութեան` հնչեցնելով երգի վերածուած անոր տաղերը եւ կարդալով մեծ բանաստեղծին հեղինակած իւրայատուկ գործերը:

Զահլէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ աղօթք` Աքլի հոգւոյն, ապա անոր դագաղը փոխադրուեցաւ «Շարքիա» դպրոց, ուր ան ստացած է իր կրթութիւնը, իսկ գործադրելու համար Աքլի կտակը անոր դիակը փոխադրուեցաւ «Սայիտաթ Նաժաթ» եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ անոր թաղման կարգը:

Ապա Աքլի մարմինը ամփոփուեցաւ իրեն համար կառուցուած յատուկ դամբարանին մէջ:

Նախորդը

«Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարցով Շանթաժի Պիտի Չենթարկուինք» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Ռաս Պաալպեքի Բարձունքներուն Վրայ Վեց Բանակայիններ Նահատակուեցան` Իբրեւ Հետեւանք ՏԱՀԵՇ-ի Մէկ Յարձակումին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.