Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Մարուան Համատէն, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններու յատուկ ընտրական օրէնք մը մշակելու ենթայանձնախումբին աշխատանքները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` երկխօսութեան առումով:
Պըրրի յայտնեց, որ Հարիրի իր կեցուածքներով հաստատեց, որ երկխօսութիւնը պիտի չընդգրկէ Դիմադրութեան զէնքը, ինչպէս նաեւ մէկդի պիտի դնէ սուրիական թղթածրարը` նկատի ունենալով այդ երկու թղթածրարներուն լուծման դժուարութիւնները:
Պըրրի նշեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան նպատակն է կանխարգիլել յարանուանական սադրանքները, ինչպէս նաեւ քննարկել Պեքաայի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնն ու համաձայնիլ նախագահական համախոհական թեկնածուի մը շուրջ:
Պըրրի յայտնեց, որ ինք կը քաջալերէ երկուքին միջեւ երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի երկխօսութիւնը Այն Թինէի մէջ կատարելու պարագային:


