«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը եւ Կոստանդնուպոլիսի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Բարթողիմէոսը խոստացած են աջակցիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:
Պապը նշած է. «Մենք չենք պատկերացներ Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներուն, որոնք 2000 տարուան ընթացքին այդ տարածքին մէջ փառաբանած են Յիսուսի անունը»:
Նախապէս Հռոմի եպիսկոպոսապետը Նիկերիոյ Քանօ քաղաքի կեդրոնական մզկիթին դէմ ահաբեկչութիւնը անուանած էր «յանցագործութիւն Աստուծոյ դէմ»: «Ատիկա ծայրայեղ լուրջ յանցագործութիւն է ընդդէմ Աստուծոյ», նշած էր ան:
28 նոյեմբերին Նիկերիոյ նշեալ մզկիթին դէմ տեղի ունեցած յարձակումին պատճառով արձանագրուած էր 120 զոհ եւ 270 վիրաւոր:


