Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտական Հարցի Լուծման «Բանակցութեան Շրջագիծի Սղագիր» Մը Գոյացած Է «Թուրքիոյ Մէջ Քրտական Հարցը Կարելի Է Լուծել 4-5 Ամսուան Ընթացքին» Կ՛ըսէ Օճալան

December 1, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130_Turkish-KurdishՔրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման բանակցութիւնները նոր հանգրուան մը թեւակոխած են. ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին գոյացած է «բանակցութեան շրջագիծի սղագիր» մը: Նշենք, որ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը շաբաթ օր Իմրալիի մէջ այցելած էր ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի:

Վերոնշեալ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ. «Օճալան յայտնեց, որ ինք եւ պետական պատուիրակութիւնը քննարկած են իր` «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական բանակցութեան հոլովոյթի սղագիր»-ը եւ գոյացուցած են համաձայնութիւն շրջագիծի մը շուրջ, որուն հիմամբ բանակցութիւններու կրնայ ձեռնարկուիլ»:

Կը հաղորդուի, որ շրջագիծը կազմուած է երեք գլխաւոր վերնագիրներէ` «առաջարկներ լուծումի մը համար, բանակցութեան գլուխներ եւ քայլերու ծրագիր»: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հաղորդեց, որ մօտ օրէն այդ սղագիրը քննարկման համար պիտի ներկայացուի հասարակութեան, ապա պիտի վերադարձուի Օճալանի, որպէսզի իր նկատողութիւնները արձանագրէ:

Կուսակցութիւնը նշեց, որ ժողովրդավարական լուծումի մը համար իրաւաբանական երաշխիքներ ապահովելը կենսական կարեւորութիւն ունի, իսկ խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուած վերջնական լուծումի մը կարելի չէ հասնիլ, եթէ այդ երաշխիքները չապահովուին:

Կուսակցութիւնը յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը իր պատասխանատուութեան տէրը կանգնի` յանուն խաղաղութեան հոլովոյթին գործնական եւ օրէնսդրական քայլեր առնելով:

Կառավարութեան կողմէ առաջին հակազդեցութեամբ մը փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան ըսաւ. «Գնացքը այժմ երկաթուղիին վրայ է, սակայն ի՞նչ բան պիտի ազդէ անոր արագութեան վրայ: Առնուելիք քայլերը եւ անկեղծութիւնը պիտի ազդեն անոր արագութեան վրայ: Այսպիսի հոլովոյթներու ընթացքին անկեղծութեան, վճռակամութեան եւ քաջութեան կարիք կայ»:

Օճալան յայտարարութիւն մը հրապարակելով ըսաւ. «Եթէ լուծման կէտերը, որոնք համաձայնեցուած էին կողմերուն միջեւ, ճշդապահօրէն կատարուին, ապա առաւելագոյնը 4-5 ամիսէն ժողովրդավարական լուծում մը պիտի գոյանայ, որ պիտի որոշէ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագան: Եթէ համարձակութիւնը բաւարար չըլլայ, ապա ատիկա պիտի խորացնէ քաոսը եւ նոր բախումներու պիտի յանգեցնէ»:

Օճալան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ իր չորս ժամնոց հանդիպումին ընթացքին քննարկած է քրտական հարցի լուծումը, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, Քրտական ազգային քոնկրեսի աշխատանքը, Միջին Արեւելքի` յատկապէս Սուրիոյ քրտական ինքնավար շրջանին մէջ զարգացումները:

 

Նախորդը

Մուպարաք Ցուցարարներու Սպանութեան Հարցով Անմեղ Հռչակուած Է

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Խոստանայ Աջակցիլ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.