
Եգիպտական դատարանը Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը ցուցարարներու սպանութեան հարցով անմեղ հռչակած է:
86-ամեայ Մուպարաք իր նախկին 7 ոստիկանապետներուն հետ կը մեղադրուէր 2011-ի յեղափոխութեան ժամանակ հարիւրաւոր մարդոց սպանութեան համար: Ոստիկաններէն հինգը արդարացուած են:
Մուպարաք արդարացուած է նաեւ Իսրայէլին կազ վաճառելու գործով:
Ան դատարան ժամանած է հիւանդանոցային շարժական մահճակալի վրայ:
Սակայն Մուպարաք ազատ պիտի չարձակուի, որովհետեւ երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է փտածութեան այլ հարցով: Զուգահեռ կ՛ընթանայ նաեւ Մուպարաքի եւ անոր որդիներուն փտածութեան մէկ այլ գործով դատավարութիւնը:


