Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի

December 1, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130_kohar-1Կազմակերպութեամբ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան, երէկ` կիրակի, 30 նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը, նուիրուած` ԳՈՀԱՐ համոյթի երկար տարիներու վաստակաշատ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետօղլեան» սրահին մէջ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան քայլերգով, ԳՈՀԱՐ համոյթի ներկայ եւ  ՄԿ Հաստատութեան տարբեր տարիներու շրջանաւարտներու կատարողութեամբ:

Յաջորդաբար  հանդիսատեսը դիտեց տեսերիզ մը, ուր զետեղուած էին մայեսթրոյին փայլուն գործունէութենէն պատկերներ եւ անոր անմահ ստեղծագործութիւններէն կտորներ: Տեսերիզին մէջ կային մայեսթրոյի ձայնագրուած խօսքերը, ան ըսած է` «Ժողովրդական երգերով է, որ մենք կը զանազանուինք մեր շրջակայ երկիրներու երաժշտութենէն, իսկ ինծի համար հոգեկան մեծագոյն բերկրանքն է հայկական երաժշտութեան ծառայելը»:

Բացման խօսքը արտասանեց Արմէն Իւրնեշլեան, որ մէջբերելով Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալիեմեզեանի արտասանած մայեսթրոյի  դամբանական  խօսքէն բաժին մը շեշտեց, թէ Խաչատուրեան ընտանիքը եւ Սեպուհ Աբգարեան զիրար կ՛ամբողջացնեն: Ան նաեւ հաստատեց, որ մանկավարժ, կրթական մշակ` Աբգարեան միայն ոգի կը պահանջէր, որ մինչեւ օրս մնացած է Մելգոնեանականներուն մէջ: Սեպուհ Աբգարեան նաեւ  Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ ունեցած է 47 տարուան մանկավարժական վաստակ եւ եղած է խմբավար:

Սոյն հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին մասնակցող նուագողներէն եւ երգողներէն շատեր եղած են ԳՈՀԱՐ-ի անդամ եւ թրծուած` մայեսթրօ Աբգարեանի շունչին տակ: Անոնք էին ` Գագիկ Մալխասեան (տուտուկ),  Հենրիեթա Պաւլեան (դաշնակ), Մերուժան Գէորգեան-Աննա Քոչարեան- Անահիտա Զաքարեան (ջութակ ), Ռուզաննա Ղափլանեան (թաւջութակ) , Շուշանիկ Զառաֆեան (ֆլիւթ), Նուարդ Սաքոյեան -Թանիա Յարութիւնեան (քանոն): Իսկ վոքալներն էին` Կարեն Մայիլեան, Կադրարինա Անախասեան, Լիլիթ Մկրտիչեան եւ Լիանա Իգիթեան:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր «Սիրելի ուսուցիչ», «Իմ մայրիկ», «Հայերէն», «Կոմիտասեան շարան», «Ջութակ», «Եկեղեցին հայկական», «Հայր իմ » եւ «Գիշերն անուշ է»  երգերը:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ «Կամար» գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի թիւ 22-ը, որ կը ներառէր մայեսթրօ Աբգարեանի նուիրուած յիշատակի խօսքեր: Ինչպէս նաեւ ԳՈՀԱՐ  փորագրուած իւրայատուկ մետալներ:

Պէտք է յիշել, թէ հանդիսութեան ընթացքին բաժնուեցաւ «Մեր մայեսթրոն» գրքոյկը, որ  դարձեալ կը բովանդակէր Աբգարեանի նուիրուած յիշատակի խօսքեր եւ անոր ցայտուն գործունէութենէն պատկերներ:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 40-Ամեակի Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Մուպարաք Ցուցարարներու Սպանութեան Հարցով Անմեղ Հռչակուած Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.