Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԲԱՐՁՐ ԴԱՍԵԼՈՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐԸ

July 25, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իսրայէլ Չառնի

22 յուլիսին իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Ռաֆայէլ Ատենի ստորագրութեամբ յօդուած մը, ուր յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ հրեայ պատմաբան, ցեղասպանութիւններու աշխարհահռչակ մասնագէտ Իսրայէլ Չառնիի անցեալ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած յայտարարութիւններուն:

«Եթէ ապագային Իսրայէլ ճանչնայ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը, ապա այդ ճանաչումը իրագործուած պիտի ըլլայ իսրայէլացի պատմաբան Իսրայէլ Չառնիի` տասնամեակներու ընթացքին տարած ջանքերուն շնորհիւ: Սակայն Չառնին, որ այսօր կ՛ապրի Երուսաղէմի մէջ, զգուշութեամբ կը մօտենայ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան թուլացումին: Բան մը, որ կրնայ խափանել ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները», կը գրէ յօդուածագիրը:

Ատեն կը մէջբերէ Չառնիին անցեալ շաբաթ կատարած մէկ յայտարարութիւնը. «Թուրքիոյ հետ մերձեցումը խաղ մըն է, զոր քաղաքագէտները պէտք է խաղան, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք արձանագրել առաւելագոյն շահերը: Սակայն պէտք չէ կարծենք, որ մենք գործ ունինք ոչ ամբողջատիրական եւ անվնաս կառավարութեան մը հետ: Չեմ կարծեր, որ մենք պէտք է դարձեալ փոխզիջման երթանք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու-չճանչնալու հարցին շուրջ: Այդ մէկը պէտք չէ  ամուսնալուծումէն ետք վերամիաւորուելու հիմքը ըլլայ»:

Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ Թուրքիա տակաւին կը մերժէ 1915-էն 1923-ի միջեւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը ճանչնալ իբրեւ ցեղասպանութիւն: «Իսրայէլ, որ մինչեւ վերջերս Թուրքիան կը նկատէ կարեւոր դաշնակից մը շրջանին մէջ, տակաւին պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց «Ազատութեան» նաւատորմիղի միջադէպին պատճառով երկկողմ յարաբերութիւններու սառեցումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը նոր թափ ստացած էր», կ՛ըսէ Ատեն:

Յօդուածագիրը դարձեալ կը մէջբերէ Չառնիին խօսքերը. «Ես կը հաւատամ, որ մեր ղեկավարները պէտք չէ տան այնպիսի որոշումներ, որոնք կրնան վնասել մեր երկրին: [®] Իսրայէլի ապահովութիւնը բացարձակ առաջնահերթութիւն է: Սակայն քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական արդարացի մտահոգութիւններով հանդերձ, Իսրայէլ միայն իր սեփական տառապանքներուն համար պէտք չէ շարունակէ ուրանալ ուրիշ ժողովուրդի մը տառապանքները: Երբ հարցը գայ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման, ես հարց կու տամ. ի՞նչ պիտի ըլլար մեր կառավարութեան եւ մեր ժողովուրդին հակազդեցութիւնը, եթէ որեւէ երկիր ուրանար Ողջակիզումը»:

Յօդուածը նաեւ կը նշէ, որ Չառնին մասնագիտութեամբ հոգեբան եղած է, սակայն ցեղասպանութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է 1960-ականներուն, երբ Ողջակիզումին վերաբերող ահաւոր երազէ մը արթննալով անդրադարձած է, որ հոգեբան ըլլալով հանդերձ երբեք չէ ուսումնասիրած մարդկային դաժանութիւնը:

 

Նախորդը

«ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ԿԱՐԵՆԱՆՔ ԿԱՍԵՑՆԵԼ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Յաջորդը

Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.