Երրորդ երկիրներէն Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածք ներմուծուող ապրանքներու մաքսատուրքերուն 1.13 տոկոսը բաժին պիտի հասնի Հայաստանին: Այս մասին յայտարարեց Հայատանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի փոխնախարար Սուրէն Կարայեան:
«Սկսած այն պահէն, երբ Հայաստանը կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ, երրորդ երկիրներէ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածք ներմուծուած ապրանքներու մաքսատուրքերուն 1.13 տոկոսը կը փոխանցուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէին: Այս դրոյթը ամրագրուած եւ հաստատուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրով», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով նշած է Կարայեան:
«Միակ պարտաւորութիւնը, որ Հայաստան ստանձնած է այն է, որ յունուար 2016-էն սկսեալ Հայաստանը նոյնպէս պէտք է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան անդամավճար վճարէ: Այդ անդամավճարը կը կազմէ միասնական մաքսատուրքերէն ստացուած հոսքերուն 1.13 տոկոսը», նշած է Կարայեան:


