Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Բանակի Հրամանատարը Հայաստան Կը Գտնուի

November 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

KtaasLfMvWJeTasfP2jzDr2gjDՀայաստանի Հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի հրաւէրով երէկ  Հայաստան հասած է Վրաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Վախթանկ Քապանածէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Երկու երկիրներու զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան ընթացքը եւ հեռանկարները: Կողմերը բարձր գնահատած են հայ-վրացական պաշտպանական համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը` ընդգծելով, որ ատիկա ոչ միայն կը նպաստէ երկու դրացի պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններու պաշտպանական կարողութիւններու զարգացման, այլ նաեւ իր ուրոյն ներդրումը կը կատարէ հարաւային կովկասեան կայունութեան պահպանման գործին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին գոյացած են երկկողմանի զինուորական համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ համաձայնութիւններ:

Զօրավար  Քապանածէի հետ դռնփակ տեսակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Քննարկուած են անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան մարզին մէջ  երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:   Քապանածէ նշած է, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ պաշտպանութեան մարզին մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը` վստահ ըլլալով, որ գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները ատիկա ընդլայնելու եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար:

Հայաստան  գտնուելու ընթացքին զօրավար Քապանածէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նաեւ պիտի այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հիմնարկ եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Այս մասին կը տեղեկացնէ  Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հայաստանը Պիտի Ստանայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միասնական Մաքսատուրքերու 1.13 Տոկոսը, Սակայն Անդամավճար Պիտի Վճարէ

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Նախագահը Փարիզի Մէջ Մասնակցած Է Ֆոնեթոնի Փակման

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.