
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ուժանիւթի եւ տնտեսական հարցերով խորհրդաժողովին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու անդրադարձած է Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարին եւ յայտարարած, որ Հայաստան այդ նախագիծէն դուրս մնացած է Ազրպէյճանի հետ իր ունեցած խնդիրներուն պատճառով:
Նշենք, որ խորհրդաժողովին ներկայ էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն:
Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հասարակաց յաջողութիւնն է:
«1999-ին, երբ Քլինթըն այստեղ էր, ստորագրուեցաւ համաձայնագիրը: Շատերը չէին հաւատար, որ անիկա կեանքի պիտի կոչուի: Ազրպէյճան ատով տնտեսական մեծ ձեռքբերում արձանագրեց: Վրաստանն ու Թուրքիան ալ օգտուեցան ատկէ: Սակայն Հայաստան տնտեսական այդ աշխուժացումէն դուրս մնաց: Ինչո՞ւ, որովհետեւ ազրպէյճանական հողերու քսան առ հարիւրը կը շարունակէ պահել բռնագրաւումի տակ», ըսած է ան:
Տաւութօղլու խաղաղութեան կոչ ուղղած է եւ նշած, որ ամէն ինչ քննարկուած է, եւ խաղաղութեան հասնելու համար միայն քաղաքական կամքը կը պակսի:
«Եկէք մէկ վայրկեան առաջ խաղաղութեան հասնինք: Ամէն ինչ քննարկուած է, միայն քաղաքական կամքը կը պակսի: Այստեղէն Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեմ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան հաստատումէն ամէնէն աւելի ուրախացողը Թուրքիան պիտի ըլլայ», ըսած է ան:


