Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի քաղաքապետ Նիքոլիա Տարակոն Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի անդամ դարձած է:
Տարակոն իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Վալանս իր ներդրումը կ’ունենայ Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի իրականացուցած ժողովրդական դիւանագիտութեան մէջ:
Վալանսի քաղաքապետը նաեւ նշած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը անկարելի է լուծել` առանց Լեռնային Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութեան, եւ ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան ձգտման իրաւաչափ ըլլալը:
Նիքոլիա Տարակոն նաեւ յայտնած է Վալանսի եւ Ստեփանակերտի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ հռչակագիր ստորագրելու իր մտադրութեան մասին:
19 մարտ 2013-ին ստեղծուած Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակին մէջ ներառուած են քաղաքական գործիչներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ ծերակուտականներ: Նիքոլիա Տարակոն դարձած է Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի 30-րդ անդամը:


