
Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ պէտք չէ յուսահատիլ եւ անձնատուր ըլլալ, որովհետեւ արժանապատիւ երկիր մը դառնալու համար Լիբանան մեծ պայքարներ մղած է պատմութեան ընթացքին:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան հաւասարապէս պատասխանատու են քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւնները եւ ոչ թէ ժողովուրդը:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ միջազգային հեղինակութիւնները յանձնառու են Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը արգելակող թնճուկին լուծման` մաղթելով, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը դրական դառնայ եւ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:
Այս առումով, վարչապետ Սալամ գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ի գործ դրած ճիգերը:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ նման պարագաներու ընթացքին հրաժարիլը եւ Լիբանանը առանց նախագահի կամ անիշխան ձգելը մեծ պատասխանատուութիւն է:
Վարչապետ Սալամ երէկ հեռագիր մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ, որ Լիբանանի անկախութեան առիթով կը մաղթէր, որ լիբանանցիները ընտրեն հանրապետութեան նախագահ մը: Հոլլանտ նաեւ մաղթեց, որ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները ամրապնդուին, ինչպէս նաեւ շեշտեց Ֆրանսայի յանձնառութիւնը Լիբանանի ազգային միասնականութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան պահպանումին առումով:
Հոլլանտ շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութիւնը, բարձր գնահատելով Սալամի ջանքերը` Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու առումով:


