Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վրաստանը Անպայման Պիտի Դառնայ ՕԹԱՆ-ի Անդամ» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

November 24, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ենս Սթոլթենպերկ
Ենս Սթոլթենպերկ

«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ` Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Վրաստանը անպայման պիտի դառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ:

«Վրաստան վերջին տարիներուն ընթացքին մօտեցած է ՕԹԱՆ-ին: Մենք կը հաստատենք մեր որոշումը, որ որդեգրուած էր 2008-ին Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին: Վրաստանը Դաշինքին անդամ պիտի դառնայ, երբ համապատասխանէ բոլոր չափանիշներուն: Եւ մենք պիտի շարունակենք աջակցութիւն ցուցաբերել այդ ուղղութեամբ», ըսած է Սթոլթենպերկ:

Ռազմաքաղաքական դաշինքին ղեկավարը յայտարարած է, որ Վրաստանը ՕԹԱՆ-ի ամէնէն հաւատարիմ դաշնակիցներէն է եւ մեծ դերակատարութիւն ունի խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ:

«Երկիրը տպաւորիչ արդիւնքներու հասած է վերջին տարիներուն: Եւ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ հետագայ ժողովրդավարական բարեփոխումներու հարցերուն մէջ, մասնաւորաբար` օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման եւ անկախ ու արհեստավարժ դատական իշխանութեան հարցին մէջ», յայտարարած է Սթոլթենպերկ:

Ղարիպաշվիլի իր կարգին անդրադարձած է Վրաստանէն անջատուած շրջաններուն եւ նշած, որ Ռուսիա կը շարունակէ Վրաստանի նկատմամբ իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը:

«Կը փափաքիմ ափսոսանք եւ մտահոգութիւն յայտնել այն առնչութեամբ, որ հակառակ մեր կառուցողական մօտեցումին, Ռուսիա կը շարունակէ իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը ընդդէմ Վրաստանի` ցանկալով հասնիլ Աբխազիոյ եւ թերեւս նաեւ Ցխինվալի շրջանի բռնակցումին: Մենք վստահ ենք, որ բռնագրաւուած տարածքները պիտի մնան ՕԹԱՆ-ի արտակարգ հարցերու շարքին», ըսած է Ղարիպաշվիլի:

Ըստ անոր, Սթոլթենպերկի հետ անոնք քննարկած են շրջանային անվտանգութեան մարզին մէջ միջոցառումներ որդեգրելու հարցը:

 

Նախորդը

Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Կանխարգիլելու «Ռուսական Յարձակումը»

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Ոստիկանութիւնը Ընդդիմութեան Ցոյցին Մասնակիցներուն Դէմ Արցունքաբեր Կազ Օգտագործած Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.