«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած է, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ կ՛ունենան Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու հետ` Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին հարցով:
Յայտարարութեան մէջ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղուի պատշաճ գնահատական տալու Ռուսիոյ եւ «Վրաստանի տարածքի կցումին», եւ օգտագործելու բոլոր լծակները` «Ռուսիոյ հետագայ յարձակումը կանխարգիլելու համար»:
Նաեւ կը նշուի, որ Վրաստանը երբեք պիտի չհաշտուի իր տարածքային ամբողջականութեան խախտման հետ եւ մտադիր չէ այդ հարցին մէջ որեւէ փոխզիջումի երթալ:


