«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ 27 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Քարիւղ արտահանող երկիրներու կազմակերպութեան` ՕՓԵՔ-ի նիստին նախօրեակին Սէուտական Արաբիան պատրաստ է կրճատելու քարիւղի արտահանումը, որպէսզի քարիւղի գիները կարգաւորուին: Սակայն այդպիսի կոչեր կ՛ընեն միայն Լիպիան, Էքուատորը եւ Վենեզուելան:
ՕՓԵՔ-ի անդամ երկիրներէն շատերուն ձեռնտու է մէկ տակառի համար 80 տոլարէն բարձր գինը: Սակայն ՕՓԵՔ կը շարունակէ լռութիւն պահել, որուն պատճառով, փորձագէտներու գնահատումով, քարիւղի գինը կը շարունակէ անկում կրել:
Այս հարցին մէջ կրնան վճռորոշ դեր ունենալ Չինաստանի համաձայնութիւնները` քարիւղ ներածելու Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Էքուատորէն եւ Վենեզուելայէն: Միեւնոյն ժամանակ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աշխուժօրէն աւելցնել քարիւղի արտահանումը` այդ ցուցանիշով յառաջ անցնելով Արաբական ծոցի երկիրներէն: Իսկ Միացեալ Նահանգներուն ձեռնտու պիտի ըլլայ մինչեւ իսկ մէկ տակառի համար 60 տոլար գինը:
Միեւնոյն ժամանակ յայտնի դարձած է, որ Հիւսիսային ծովուն մէջ արտահանուող «Պրենթ» քարիւղի գինը հասած է 81,2 տոլարի` յունիսէն ի վեր 30 առ հարիւրի անկում կրելով: Պատճառը դարձեալ ՕՓԵՔ-ի անդամներուն գործնական անպատրաստակամութիւնն է` նուազեցնելու քարիւղի արտահանումը, որուն պատճառով աշխարհի վրայ քարիւղի արտահանումը կը գերազանցէ պահանջարկը:
Միւս կողմէ, «Ռոսիյսքայա կազեթա» կը հաղորդէ, որ Քայիտայի ղեկավարները դիմած են իրենց աջակիցներուն` կոչ ուղղելով ամբողջ աշխարհի վրայ քարիւղի խողովակաշարեր եւ քարիւղ փոխադրող նաւեր պայթեցնելու:
Քայիտա կ՛ուզէ ստեղծել ուժանիւթի ճգնաժամ, որ պիտի ապակայունացնէ դրութիւնը աշխարհի վրայ եւ պիտի փոխէ քարիւղի գիները:


