Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառող Երկիրները Նոյնքան Մեղաւոր Են Արցախի Վրայ Յարձակումներուն Համար

November 24, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նոյեմբեր 12-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ոճրային արարք գործեցին` վար առնելով հայկական անզէն ուղղաթիռը Արցախի սահմանամերձ տարածքին մէջ եւ սպաննելով անձնակազմի երեք սպաները: 1994 թուականի զինադադարէն ի վեր Ազրպէյճանի յարձակումը հայկական ուղղաթիռի վրայ աննախադէպ էր:

Հայաստանը ոչ միայն պէտք է հակահարուած տայ Ազրպէյճանին, այլ նաեւ ձեռնարկէ դիւանագիտական բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` բացայայտելու եւ դատապարտելու այն երկիրը, որուն վաճառած հրթիռներուն միջոցով Պաքուն խոցած է հայկական ուղղաթիռը: Պէտք է նշել, որ վերջին տարիներուն Իսրայէլը եւ Ռուսիան միլիառաւոր տոլարներու ժամանակակից ռազմական սարքեր վաճառած են Ազրպէյճանին:

Այս անարդար յարձակումը մասամբ կապուած է 20-ամեայ սահմանային փոխադարձ հրաձգութիւններուն, որոնց ընթացքին ազրպէյճանցիները կը սպաննեն հայերը, իսկ հայ զինուորները պատասխան կրակով` ազրպէյճանցիները: Պաքուի իր պալատին մէջ նստած Ալիեւը կարծես թէ երբեք չ’անհանգստանար երիտասարդ ազրպէյճանցիներու կորուստով, քանի որ հաւասար թիւով հայեր կը զոհուին, որովհետեւ ազրպէյճանցիները (մօտ 10 միլիոն)` քանի մը անգամ աւելի են, քան հայերը (3 միլիոնէն նուազ)` իրենց երկրին մէջ: Ալիեւի համար ազրպէյճանցի զինուորներու  սպաննուիլը ձեռնտու ներդրում է` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ղարաբաղեան չլուծուած հակամարտութեան վրայ սեւեռելու նպատակով:

Համայն հայութեան վրդովմունքը որոշ չափով փարատեցաւ, երբ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները յայտնեցին իրենց լուրջ մտադրութիւնը` պատասխանելու ազրպէյճանական վերջին հարուածին զանգուածային եւ անհամաչափ յարձակումով: Կը մնայ միայն յուսալ, որ հայկական լայնածաւալ հակայարձակումէն ետք Ալիեւը հասկնայ, որ Ազրպէյճանը շատ սուղ կը վճարէ իր կործանարար ռազմական արկածախնդրութեան համար:

Ցաւօք, հայերու կողմէ մեծ հակայարձակման չանցնիլը նախորդ տարիներուն խրախուսած է բռնակալ Ալիեւը` դիմելու աւելի լկտի յարձակումներու` կիզակէտին հասցնելով անցեալ շաբթուան անզէն ուղղաթիռին խոցումով: Ո՞րն է յաջորդը: Քաղաքացիական օդանաւի պայթեցո՞ւմը` մեծ թիւով հայ ուղեւորներով, ինչպէս որ ան բազմիցս սպառնացած է:

Մէկ այլ շփոթ իրավիճակ է երկու երկիրներու միջեւ շարունակուող բարձր մակարդակի խաղաղութեան բանակցութիւնները, երբ կողմերէն մէկը` Ազրպէյճանը,  անընդհատ կը կրակէ… Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ խաղաղութեան մասին եւ միաժամանակ կրակել: Իւրաքանչիւր վեհաժողովէ ետք, հայ եւ ազրպէյճանցի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ` Մինսքի խումբի միջնորդները, որոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, շարունակ կը յայտարարեն, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, մինչդեռ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր յարձակումները` խաղաղ բանակցութիւններէ առաջ, ընթացքին եւ յետոյ…

Մինսքի խումբը, ազրպէյճանական իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք, աւելի բարդացնելով իրավիճակը, կոչ կ’ուղղէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին` ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ մեղքը հաւասարապէս կը բարդէ երկու կողմերուն վրայ: Նման անարդար եւ կեղծ հաւասարութիւնը միայն կը քաջալերէ Ազրպէյճանը` աւելի աշխուժացնելու իր յարձակումները: Եթէ միջազգային հանրութիւնը իսկապէս կը ձգտի խաղաղ կարգաւորման եւ կը փափաքի կանխել աւելորդ արիւնահեղութիւնը Արցախի շուրջ, ուրեմն պէտք է արգիլէ զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին եւ խստօրէն դատապարտէ զայն` զինադուլի խախտման իւրաքանչիւր փորձի համար:

Միաժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը պաշտպանելու համար ազրպէյճանական սադրիչ յարձակումներէն, նոյնիսկ եթէ ստիպուած ըլլայ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու Ազրպէյճանի տարածքի խորքերը: Ալիեւը պէտք չէ մոռնայ, որ իր երկրի քարիւղի ու կազի խողովակաշարերը, քարիւղի հանքերը եւ քարիւղի վերամշակման գործարանները չափազանց խոցելի են նման յարձակումներու պարագային, որոնք կրնան միլիառաւոր տոլարներու վնաս պատճառել իր երկրի տնտեսութեան:

Ազրպէյճանի յարձակողական պահուածքը կանխելու համար Հայաստանը պէտք է յայտարարէ, որ ոչ միայն հակահարուած պիտի տայ, այլեւ վեց ամիսով պիտի սառեցնէ բանակցութիւնները` ազրպէյճանական իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք: Քանի որ Ալիեւը յոյս ունի բանակցութիւններու միջոցով վերստանալու Արցախը շրջապատող որոշ տարածքներ, ուստի խաղաղ բանակցութիւններու կասեցումը կրնայ յետաձգել եւ վերջնականապէս խափանել որեւէ տարածքի վերադարձը: Այսպիսով, բանակցութիւններու երկար կասեցումէ ետք Ալիեւը պիտի սորվի, որ կարելի չէ խաղաղութեան մասին խօսիլ եւ միաժամանակ պատերազմիլ…

Եթէ Ազրպէյճանը յամառօրէն շարունակէ իր թշնամական վերաբերմունքը, Հայաստանը կրնայ դադրեցնել բանակցութիւնները եւ որոշել` ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը, կամ` պաշտօնապէս Արցախը յայտարարել Հայաստանի անբաժանելի մաս:

Իսկ եթէ Ալիեւը այնքան յիմար է, որ պատերազմ սկսի, ուստի ան կրնայ աւելի շատ տարածքներ կորսնցնել եւ ամբողջովին աւերակներու վերածել իր երկրի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու զգալի մասը: Ոչ ոք պէտք է լուրջ ընդունի Ալիեւի` Հայաստան եւ Արցախ ներխուժելու անդադար սպառնալիքները: Ռազմական փորձագէտներուն մեծ մասը կ’ընդունի, որ Ազրպէյճանի բանակը կը զիջի Հայաստանի բանակին` հակառակ արդիական զէնքեր ձեռք բերելու համար միլիառաւոր քարիւղային տոլարներու շռայլ ծախսերուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Ազրպէյճանին Յաղթել Նաեւ Դիւանագիտական Ճակատում

Յաջորդը

Քարիւղը Կը Շարունակէ Աժաննալ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.