Հայաստանի եւ Կիպրոսի փոխադարձ աջակցութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքերու վրայ: Այդ մասին յայտարարած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Եանաքիս Օմիրուն` երէկ խօսք առնելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին:
«Այդ փոխադարձ աջակցութիւնը կոփուած է մեր ժողովուրդներուն միացեալ պայքարներով մինչեւ այսօր տառապանքի ենթարկող ընդհանուր թշնամիին դէմ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր արժէքներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, որոնց մենք հաւատարիմ ենք», ըսած է Օմիրու:
Ան Կիպրոսի խորհրդարանականներուն եւ ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանի վարած սկզբունքային եւ կայուն քաղաքականութեան համար` «յանուն մեր երկրի եւ ժողովուրդի ազատութեան եւ վերամիաւորման»: «Մեզի յայտնի է այն գինը, որ դուք կը վճարէք ձեր աջակցութեան համար, որուն համար ալ երախտապարտ ենք ձեզի», յայտարարած է Օմիրու:
«Հակառակ Անգարայի յառաջացուցած բարդութիւններուն` Կիպրոս եւ Հայաստան պէտք է աշխուժացնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները, միաւորեն միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ իրենց ուժերը եւ օգտագործեն կիպրական եւ հայկական սփիւռքի լծակները որոշումներ կայացնող ատեաններուն մէջ` ընդհանուր ճակատ ձեւաւորելով ընդդէմ Թուրքիոյ քաղաքականութեան: Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն եւ իմ անունովս այդ ուղղութեամբ գործելու ամբողջական պատրաստակամութիւն կը յայտնեմ», յայտարարած է Եանաքիս Օմիրու, որ երէկ նաեւ տեսակցած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:
Ողջունելով հիւրերը` վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած են ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ նման բարձր մակարդակի պաշտօնական այցելութիւնները կը նպաստեն երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ ընդլայնման: «Մեր ժողովուրդները իրարու կապուած են դարաւոր կապերով, որոնք ամուր հիմք են միջպետական յարաբերութիւններու, առեւտրատնտեսական կապերու, զինուորական եւ կրթամշակութային մարզերուն մէջ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ հետագայ զարգացման համար», նշած է վարչապետը:
Եանաքիս Օմիրու բարձր գնահատած է հայ-կիպրական ոչ միայն երկկողմ, այլեւ բազմակողմ համագործակցութիւնը եւ աշխուժ որակած ատիկա` ընդգծելով, որ ատոր մեծապէս կը նպաստէ նաեւ կիպրահայ համայնքին գործունէութիւնը: Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքին նկատմամբ Կիպրոսի իշխանութիւններուն ցուցաբերած յարգալից եւ ջերմ վերաբերմունքին համար:
Գոհունակութիւն յայտնելով երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին համար` զրուցակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան աշխուժացումը: Այս ծիրին մէջ վարչապետը անհրաժեշտ նկատած է գործարարներու փոխադարձ հաղորդակցութիւններու աշխուժացումը` տնտեսական կապերու ներուժը բացայայտելու եւ գործակցութեան նոր ուղղութիւններ նախագծելու համար:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են առ այն, որ Հայաստան եւ Կիպրոս միշտ աջակցած են իրարու եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում դրսեւորած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ Կիպրոսի խնդիրի լուծման հարցին մէջ` կարեւոր նկատելով անոնց խաղաղ լուծումը, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշներու հիման վրայ:
Յովիկ Աբրահամեան եւ Եանաքիս Օմիրու խօսած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մասին եւ անդրադարձած Մեծ եղեռնի 100-ամեակի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի մէջ տեղի ունենալիք ոգեկոչման եւ յիշատակի ձեռնարկներուն, որոնց կը մասնակցին ինչպէս հայաստանեան, այնպէս ալ կիպրական բարձրաստիճան պաշտօնական պատուիրակութիւններ:


