
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ հանդիպում ունենալէ ետք ժողովրդային պատուիրակութիւններու հետ, շեշտեց, որ Լիբանան անձեռնմխելի կը դառնայ միայն լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շնորհիւ` նկատի ունենալով, որ անոնք են, որոնք Դիմադրութեան հետ գործակցաբար կը հսկեն երկրին սահմաններուն եւ զայն կը պաշտպանեն հաւատադրժողական շարժումներուն արարքներէն:
Արսլան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան նկատմամբ առանց նախապայմանի զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել լիբանանեան պետութիւնն ու անոր խորհրդանիշները:
Միւս կողմէ, Արսլան դրուատեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի նախաձեռնութիւնն ու յայտարարած արշաւը` առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէններուն դէմ:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն եւ ընդհանուր դատախազութեան անմիջական քայլերու դիմելու այս իմաստով եւ օժանդակելու Ապու Ֆաուրի սկսած արշաւին, որ շինիչ նպատակներ կը հետապնդէ:


