Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ Պայթ Թապիպի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ամերիկեան դեսպանատան ֆինանսաւորած կիներուն անգլերէնի դասընթացքի աւարտական հանդիսութեան, որուն ընթացքին վկայուեցան աւելի քան 720 կիներ:
Ձեռնարկին ընթացքին Հէյլ կոչ ուղղեց միասնականանալու ատելութիւն սերմանող խմբաւորումներուն դիմաց եւ շեշտեց ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:
Հէյլ յայտնեց, որ ատելութիւն սերմանող եւ ծայրայեղական խմբաւորում նկատուող լաւագոյն օրինակը ՏԱՀԵՇ-ն է, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիներն ու ամերիկացիները կ՛արժեւորեն խաղաղութիւնը եւ անոր ջատագովները կը նկատուին:


