Երէկ երեկոյեան առեւանգուած բանակային Ապպաս Մշէյք ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբակէն ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին սպառնալիք ուղղուեցաւ, որ եթէ Ռումիէի բանտարկեալներուն դէմ արձակուած վճիռները գործադրուին, ապա 7 առեւանգուած զինուորականներ մահապատիժի պիտի ենթարկուին:
Ի լուր այս սպառնալիքին, երէկ աւելի ուշ առեւանգուած զինուորականներուն ընտանիքները վարչապետարանին դիմաց անիւներ հրկիզեցին:


