«Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական «Հուրիիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:
Բաւական երկարատեւ հանդիպումին ընթացքին գլխաւորաբար քննարկուած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Տաւութօղլու Օպամայէն բացի կարճատեւ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ճափոնի վարչապետին, ինչպէս նաեւ Ինտոնեզիոյ եւ Հարաւային Քորէայի ղեկավարներուն հետ:


