Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւրոպային Ազրպէյճանի Նկատմամբ Զգօնութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

November 15, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 նոյեմբեր 2014-ին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին մօտ Ազրպէյճանի կողմէ զարնուած հայկական ուղղաթիռի եւ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան, ապատեղեկատուութեան մասին Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը նամակներ ուղարկեց եւրոպական կառոյցներուն` կոչ ուղղելով անոնց խստագոյնս դատապարտելու Ազրպէյճանը, որ պայթեցնել կը սպառնայ արդէն լարուած վիճակը:

Նամակին մէջ, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է, որ Արեւմուտքին թոյլատրած եւ ընդունած քաղաքականութեան` Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը նոյն նժարին վրայ դնելու, եւ երկու կողմերուն ուղղուած զսպուածութեան կոչերուն արդիւնքն է, որ հոս հասցուց իրավիճակը: «Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը բազմիցս ձեր ուշադրութեան յանձնած է Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը: Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն հետ իւրաքանչիւր հանդիպումէ առաջ Ազրպէյճան կը խախտէ զինադադարը` առաւելապաշտ դիրքերով ներկայանալու համար. Հայաստան նոյնիսկ զոհեր տալով  մի՛շտ կառչած մնացած է խաղաղ լուծման կողմնակից իր դիրքաւորումին: Այնքան ատեն որ Ալիեւի արկածախնդրութիւնները չեն սաստուիր, ան պիտի շարունակէ կրակին հետ խաղալ», ընդգծած է Կարապետեան:

Կարապետեան նաեւ նշած է, որ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը յատկապէս, իր գրասենեակին միջոցով զգուշացուցած է Արեւմուտքն ու հանրային կարծիքը, սակայն ո՛չ մէկ քայլ առնուեցաւ: «Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ազրպէյճան Նախիջեւանի հայկական դարաւոր խաչքարերը աւերեց եւ պատմական գերեզմանատունը զինուորական նշանառութեան վայրի վերածեց, կը զգուշացնէինք, երբ Ազրպէյճան զինադադարը ամէն օր կը խախտէր, կը զգուշացնէինք ձեզ, երբ հայ քաղաքացիներ Պաքու կը փոխադրուէին եւ «անձնասպան» կ՛ըլլային: Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ալիեւ Սաֆարովին հերոսի կոչում տուաւ: Այս տարուան օգոստոս ամսուն ձեզ նաեւ զգուշացուցինք, երբ մօտ տասը օր Ազրպէյճան փորձեց զինադադարը խախտելով Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժել: Պատերազմի հաւանական վերսկսման պարագային պատասխանատու պիտի ըլլան բոլոր եւրոպական եւ այլ մարմինները, որոնք այսքան ատեն մատը վէրքին վրայ դնելու փոխարէն, կը փայփայէին Ալիեւի Ազրպէյճանը, որ անմեղ մարդոց զոհաբերման ու մահուան պատճառ հանդիսացաւ: Խաղաղութեան առաքելութիւն ունեցող կառոյցները մի՛շտ տատամսեցան Ալիեւը քննադատելու` տածելով այն խաբկանքը, թէ ան խաղաղութիւն կ՛ուզէ»:

Կարապետեան նամակը աւարտած է ըսելով. «Բռնատէրը խաղաղութիւն, հաշտութիւն չ՛ուզեր. ան իր հակահայ մոլուցքով, շրջանին մէջ անկայունութիւնը պահելով, իր եւ շրջապատին հարստութիւնը կը թիզէ` հաւատալով, այն խաբկանքը ունենալով, որ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման փրկարարն է: Ամէն տեսակի սանձարձակութիւն իր վերջակէտն ու հետեւանքն ունի»:

Նամակը ուղարկուած է Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, պաշտպանութեան եւ ապահովութեան յանձնախումբին, Եւրոպական խորհրդարանի Եւրոնեսթի պատուիրակութեան, Եւրոպական խորհրդարան – Հարաւային Կովկաս պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ քաղաքական խմբակցութեանց ղեկավարներուն:

Նամակ ուղարկուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Սալպերի, որ նախանցեալ օր արդէն Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին վերահաստատած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը աջակից է տագնապին միայն խաղաղ լուծման, եւ թէ ան պատրաստ է այցելելու Ստեփանակերտ:

Յատուկ նամակներ ուղղուած են նաեւ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերի, արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան պետ` Ֆետերիքա Մոկերինիի, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան յանձնակատար Եոհաննես Հանի:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու ներկայացուցչութիւնները նոյնպէս բողոքի նամակներ ստացած են, ինչպէս նաեւ Զուիցերիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկիր: Տեղեակ պահուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերի:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամները նաեւ տեղեակ պահուած են Ազրպէյճանի ռազմապաշտ կեցուածքէն: Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներուն հարց տրուած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ վեհաժողովը, որ բազմիցս քննադատած է Ազրպէյճանի մամլոյ անազատ, կաշկանդուած ըլլալը, հաւատայ Պաքուի տարածած քարոզչութեան եւ գործակցի անոր հետ:

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Կողմը Տակաւին Չի Կրնար Մօտենալ Ուղղաթիռի Կործանման Վայրին

Յաջորդը

Օհանեան. «Հակառակորդին Լկտի Գործողութիւններուն Մեր Կողմէ Քիչ Մըն Ալ Անհամաչափ Պատասխան Պիտի Տրուի»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.