«Այս ռազմափորձը խաղաղութեան նպատակ կը հետապնդէ: Մենք այստեղ ենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին հետ փորձի փոխանակման համար», հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` «Միասնութիւն 2014» ռազմափորձի ծիրին մէջ լրագրողներու հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին: Այդ մասին կը յայտնէ «Երկիր»-ի թղթակիցը Արցախէն:
«Զինուորական կեանքը միշտ լարուած է, լի է զրկանքներով եւ դժուարութիւններով, եւ այս ռազմափորձին դժուարութիւնը ուղղաթիռի հարուածուիլն էր», ըսած է նախարարը եւ աւելցուցած, որ «Միասնութիւն 2014» ռազմափորձին կրակային հանգրուանը ցոյց տուած է, որ հակառակորդին կողմէ մեր ուղղաթիռի կործանումը չազդեց պաշտպանութեան բանակի գործողութիւններուն վրայ: Սէյրան Օհանեան նշած է, որ թէեւ նախապէս յայտարարուած էր ռազմափորձերուն մասին, սակայն հակառակորդը, ինչպէս միշտ, ցոյց տուած է իր իրական դէմքը` խախտելով միջազգային չափանիշները: «Այդ գործողութիւնները մեզի համար ցաւալի են, անոնց կողմէ` լկտի, եւ այդ լկտի գործողութիւններուն մեր կողմէ համարժէք եւ քիչ մըն ալ անհամաչափ պատասխան, անկասկած, կը տրուի», ընդգծած է Սէյրան Օհանեան:
Ըստ նախարարին, միջազգային հանրութեան արձագանգը համարժէք էր կատարուածին, թէեւ կարելի էր աւելի խիստ գնահատական տալ: Սէյրան Օհանեանի կարծիքով` խիստ գնահատականներ կ՛ըլլան այն ժամանակ, երբ պարզուի իրողութիւնը: Նախարարը անգամ մը եւս շեշտած է, որ մեր օդաչուները սահմանը չեն անցած: Պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, թէ ի՞նչ քայլեր կ՛առնուին կործանած ուղղաթիռին մօտենալու համար, Օհանեան ըսած է, որ միջազգային կառոյցներու միջոցով Ազրպէյճանի զինուորական ղեկավարութեան հետ կապ հաստատուած է, որպէսզի կարելի ըլլայ ուղղաթիռին մօտենալ: Նախարարը նշած է, որ այդ ուղղութեամբ այլ քայլեր եւս ձեռնարկուած են:


