Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Կողմը Տակաւին Չի Կրնար Մօտենալ Ուղղաթիռի Կործանման Վայրին

November 15, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զառա Ամատունի
Զառա Ամատունի

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ  բանբեր Սենոր Հասրաթեան տեղեկացուցած է, որ հակառակորդին կողմէ կրակոցները բազմապատկուած են յատկապէս երկու օր առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան վայրին մէջ:

Հասրաթեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմը տակաւին չի կրնար մօտենալ ուղղաթիռի կործանման վայրին:

Ազրպէյճանցիներուն կողմէ վար առնուած ուղղաթիռի խորտակման վայրը կը շարունակէ հայկական կողմին համար անհասանելի մնալ կրակոցներու պատճառով: Պաշտպանութեան բանակը չի կրնար մուտք գործել սահմանագիծի չէզոք հատուած` ճշդելու կատարուածին  մանրամասնութիւնները, այդ տարածքէն դուրս բերելու ուղղաթիռի անձնակազմը: Հասրաթեան շեշտեց, թէ քանի տակաւին հայկական կողմը չէ  մօտեցած կործանուած ուղղաթիռին, չի կրնար հաստատել, որ անձնակազմի անդամները զոհուած են: Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ անոնք զոհուած են:

«Եթէ ես այնտեղ չեմ եղած, յստակ փաստեր չունիմ, չեմ կրնար ըսել, թէ ողջ մարդիկ այնտե՞ղ են, թէ՞ այնտեղ չեն», յայտնեց Հասրաթեան:

Հայկական կողմը դիմած է Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդին` ազրպէյճանական կողմին հետ պայմանաւորուելու եւ չէզոք գօտի մուտք գործելու համար, որպէսզի կարենան այնտեղէն դուրս բերել օդաչուները:

Միջազգային այս կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Զառա Ամատունին նշած է, որ ազրպէյճանական կողմին հետ երկխօսութիւնը հաստատուած է, բայց տակաւին արդիւնք չկայ:

«Երկխօսութեան նպատակն է, որ կողմերը մեր միջնորդութեամբ փնտռտուքի աշխատանքներ իրականացնեն եւ կարենան գտնել, եւ պատասխաններ տալ, թէ ինչպիսի՛ ճակատագիրի արժանացած են օդաչուները եւ ուղղաթիռը», ըսած է Ամատունի:

 

Նախորդը

Ըստ Աղուան Վարդանեանի. Քաղաքական Ուժերը Կրնային Զուգահեռ Տանիլ Սահմանադրական Փոփոխութիւններն Ու Ներքաղաքական Պայքարը

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւրոպային Ազրպէյճանի Նկատմամբ Զգօնութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.