Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Աղուան Վարդանեանի. Քաղաքական Ուժերը Կրնային Զուգահեռ Տանիլ Սահմանադրական Փոփոխութիւններն Ու Ներքաղաքական Պայքարը

November 15, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան
Աղուան Վարդանեան

Խորհրդարանական երէկուան ասուլիսներուն  ընթացքին, խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ ներքաղաքական իրավիճակին մասին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է. «Հետզհետէ աւելի կը  համոզուիմ, որ մենք հանգիստ կրնայինք այս երկու հոլովոյթները չխառնել իրարու: Քաղաքական ուժերը շատ հանգիստ կրնային ներքաղաքական պայքարը պահել օրակարգի  վրայ` զուգահեռ զբաղելով սահմանադրական բարեփոխումներու հարցով, որովհետեւ այս երկու հոլովոյթները իրարու չէին խաչաձեւեր: Ատիկա Հայաստանի ապագային համար աւելի շահեկան կ՛ըլլար: Սակայն այսօր մենք այդ իրավիճակը չունինք»:

Խօսելով ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան մասին, ան նշեց, որ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին անցնիլը միշտ եղած է Դաշնակցութեան գերակայ  ուղղութիւններէն մէկը: «Այսօր չկայ  Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ քայլ ընելու նախաձեռնութիւն: Ես կը յորդորէի Հանրապետական կուսակցութեան շատ խիստ եւ  շատ թունդ դէմ չըլլալու 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին, օր մըն ալ  իրենք պիտի ըսեն, որ կողմ են 100 տոկոս համամասնականին», ըսած է պատգամաւորը: Անոր խօսքով` եռեակը ներկայացուցած  է իր պահանջը, կառավարութիւնն ալ ըսած է, որ կը քննարկէ անոնք, եւ լաւատեղեակ չըլլալով եռեակի եւ իշխանութեան ներքին խմորումներուն, կրնայ փաստել, որ ատիկա ոչ մէկ ձեւով կը հակասէ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու ՀՅԴ-ի հետեւողական ջանքերուն:

«Շատեր կը մեղադրեն, թէ այդ տեսակէտով Դաշնակցութիւնը կ՛աջակցի իշխանութեան, բայց ես լրիւ հակառակ տեսակէտը ունիմ, շատ աւելի վատ կ՛ըլլար, եթէ Դաշնակցութիւնը հրաժարէր իր սկզբունքէն, ատիկա չէր ըլլար քաղաքական պատասխանատու ուժի մը դիրքորոշումը», ըսած է Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն կողմնակից է 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին:

Վարդանեան նաեւ նշած է, որ կառավարութիւնը ոչ թէ պատրաստ է խնդիրներ լուծելու, այլ կը մտածէ ձեւացնել, թէ կ՛ուղղուի դէպի այդ խնդիրներու լուծում, եւ կը փորձէ ժամանակը ձգձգելով` հոլովոյթը երկարացնել: «Ես քիչ յոյս ունիմ, որ կառավարութիւնը ինքնակամ այդ քայլը կ՛ընէ, ատոր համար պէտք է ուժեղացնել ճնշումը», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

 

Նախորդը

Պան Քի Մուն Ազրպէյճանին Ու Հայաստանին Զսպուածութեան Կոչ Ուղղած Է

Յաջորդը

Հայկական Կողմը Տակաւին Չի Կրնար Մօտենալ Ուղղաթիռի Կործանման Վայրին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.