Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Պաշտօնական Երեւանի. Ասիկա Աննախընթաց Յարձակում Էր

November 14, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1113_MI-24Ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանին վրայ արձանագրուած արտակարգ դէպքէն ժամեր ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` խստօրէն դատապարտելով վարժական թռիչք իրականացնող «Մի-24» ուղղաթիռը հարուածելու ազրպէյճանական զինեալ ուժերու արարքը:

«Հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած իւրաքանչիւր բարձր մակարդակի հանդիպումէն առաջ եւ ետք  Պաքու նորանոր սադրանքներու կը դիմէ` խափանելու համար բանակցային հոլովոյթը, Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը` ուղղուած տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման», նշած է պաշտօնական Երեւան` աւելցնելով. «Ազրպէյճանական կողմը կոպտօրէն կ՛ոտնակոխէ վերջին վեհաժողովներուն հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները»:

Կատարուածը անուանելով «յանցաւոր սադրանք»` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը  ընդգծած  է. «Պաքու ոչ միայն կ՛արհամարհէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան կոչերը ուժ չկիրարկելու, զինադադարի ամրապնդման, վստահութեան միջոցներու իրականացման մասին, այլեւ կը գործէ անոնց հակառակ` կրելով իրավիճակի սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:

Ուղղաթիռը կործանած զինուորը շքանշանով պարգեւատրած պաշտօնական Պաքուն, մինչդեռ, տեղի ունեցածին մէջ մեղադրած է Երեւանը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդած է, թէ Հայաստանի ուղղաթիռները ներխուժած են Ազրպէյճանի օդային տարածք:

«Հայաստանի ուղղաթիռներու ապօրինի ներխուժումը Ազրպէյճանի օդային տարածք կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի նկատմամբ բռնագրաւումի եւ յարձակումի շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանական հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան դէմ ուժի գործադրման քաղաքականութեան շարունակութիւնը», յայտարարած է պաշտօնական Պաքուն:

Հայաստանի պաշտպանութեան  նախարարութիւնը հերքած է ազրպէյճանական կողմի պնդումները, ըստ որոնց, «հայկական ուղղաթիռները յարձակում իրականացուցած են  ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ անոնք պատասխանած են»:

Դէպքին կապակցութեամբ խոր մտահոգութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն զերծ մնալու այնպիսի  քայլերէ, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը սահմանագիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: Ամրան տեղի ունեցած բռնութիւններու ալիքի կրկնութիւնը անթոյլատրելի է»,  յայտարարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները 12 նոյեմբերի գիշերը  հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

«Այս իրադարձութիւնները հերթական յիշեցումն են այն բանին, թէ որքան անկանխատեսելի է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, եւ կը շեշտադրեն անոր երկարատեւ լուծումը գտնելու ուղղութեամբ ջանքերը աշխուժացնելու անյետաձգելիութիւնը»,  յայտարարած են համանախագահները:

Միջնորդները տեղի ունեցածին առնչութեամբ կողմերէն ոչ ոք մեղադրած են, փոխարէնը` կոչ ուղղելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն յարգելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու վերաբերեալ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:

«Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք նախագահներուն ձեռնարկելու վստահութեան ամրապնդման այնպիսի ձեւեր, որոնք կը բարձրացնեն թափանցիկութիւնը սահմանագիծին վրայ, եւ կը նուազեցնեն կատարուած դէպքին նման իրադրութիւններու կրկնութեան հաւանականութիւնը»,  ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Պաշտօնական Ուաշինկթըն մտահոգութիւն արտայայտած է վարժական թռիչք իրականացնող «Մի-24» ուղղաթիռը հարուածելու ազրպէյճանական զինեալ ուժերու արարքին կապակցութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ այս դէպքը «անգամ մը եւս կը յիշեցնէ» շրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու զինադադարը յարգելու անհրաժեշտութեան մասին:

Փսաքի Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներուն ըսած է, որ «տագնապի զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ»:

Դէպքին նաեւ անդրադարձած է պաշտօնական Պրիւքսէլ` կոչ ուղղելով հետաքննելու ուղղաթիռին կործանումը: «Կարեւոր է, որ կողմերը զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ զերծ մնան գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան սրել իրավիճակը: Աւելի՛ն, կոչ կ՛ուղղենք դէպքին առնչութեամբ քննութիւն կատարելու»,  ըսուած է Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեամբ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է ամբողջական աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ երեք համանախագահներուն:

«Տագնապին երկու կողմերն ալ պէտք է խստօրէն յարգեն զինադադարը, զերծ մնան ուժի գործադրումէն կամ ատոր սպառնալիքէն եւ վերականգնեն ջանքերը` ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ»,  ընդգծած է պաշտօնական Պրիւքսէլ:

ՕԹԱՆ Զսպուածութեան Կոչ Ուղղած Է
Տագնապի Կողմերուն

Ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն զսպուածութեան կոչ ուղղած է ՕԹԱՆ: Այդ մասին Հարաւային Կովկասի մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր  քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ գրած է «ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ:

«Մտահոգ եմ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հայկական ուղղաթիռը հարուածելու մասին հաղորդագրութիւններով: Դէպքին հանգամանքներէն անկախ` կողմերը պէտք է զսպուածութիւն դրսեւորեն եւ ձգտին հասնիլ տագնապի դիւանագիտական լուծման», գրած է Ափաթուրայ:

 

 

Նախորդը

Ապու Ֆաուր Յայտարարեց Առողջապահական Չափանիշները Չամբողջացնող Ուտեստեղէն Վաճառող Հաստատութիւններու Այլ Անուանացանկ Մը

Յաջորդը

Յայտարարութիւն. Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.